Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքը կը գտնուի Մուշ գաւառի տարածքին՝ Մուշ քաղաքէն 5 կմ դէպի հարաւ-արեւելք)։ Ըստ աւանդութեան զայն հիմներ է Գրիգոր Լուսաւորիչը, առաքեալներու’ Հռոմէն բերուած մասունքներուն վրայ։ Յայտնի դարձած է 11-րդ դարէն, բարգաւաճեր է 12-րդ դարուն։ Ըստ վանքի խաչքարերէն մէկու արձանագրութեան, ան նորոգուեր է 1125 թուականին։ 14-րդ դարու վերջին’ խիստ աւերուեր է Լենկթիմուրի արշաւանքներուն ժամանակ։ 15–16-րդ դարերուն դարձեր է գրչութեան նշանաւոր եւ գործուն կեդրոն։
Վանքը Մեծ Եղեռնին հետեւանքով ամայացեր է եւ աստիճանաբար ոչնչացուեր է։ Ներկայիս պահպանուեր են միայն աւերակները։ Փայտի նրբաճաշակ փորագրման գլուխգործոց է Մշոյ Առաքելոց եկեղեցիին դուռը, զոր 1921-ին Թիֆլիսէն Երեւան փոխադրեր է հնագէտ Աշխարհբէկ Քալանթարը։
Հայ ֆեդայական նշանաւոր կռիւներէն մէկը կապուած է Մշոյ Առաքելոց վանքին հետ։ 1901 թ.-ի Նոյեմբերի սկիզբը զօրավար Անդրանիկն ու Գէորգ Չաուշը 25-27 հայդուկային խումբով պաշարուեր են վանքին մէջ, նպատակ ունենալով գրաւելու օտարեկրացիներոի ուշադրութիւնը։ Քանի մը օրուակ պայքարէ ետք, հայդուկներուն կը յաջողի գիշերը ճերմակ սաւաններու մէջ պատսպարուելով ճեղքել թշնամիի շրջափակումը եւ դուրս գալ վանքէն։
Գլխաւոր՝ Ս․ Առաքելոց եկեղեցին (11-րդ դ․), ամբողջովին աղիւսաշէն է, ունի ներքուստ խաչաձեւ՝ չորս անկիւններուն երկհարկ, թաղակապ աւանդատուններով, արտաքուստ ուղղանկիւն յօրինուածք։
Գաւիթի արեւմտեսն մուտքին առջեւ Յովհաննս վարդապետը 1791 թուականին կառուցեր է եռահարկ զանգակատուն։ Մշոյ Առաքելոց եկեղեցիի հարաւէն կցուած է 1663 թ.-ին կառուցոիած (14-րդ դարուն աւերուած շէնքի հիմքերուն վրայ) Ս․ Ստեփաննոս եկեղեցին, իսկ հիւսիսէն կից եղող Ս․ Գէորգ եկեղեցիի միայն յետքերը կը նշմարուին։ Համալիրի արեւելեան կողմին կայ 11-րդ դարու արձանագրութիւններով 9 խաչքար։ Վանքը շրջապատուեր է պարսպով։ Հիմնական յուշարձանախումբին մօտ 300 մ արեւելք կանգուն է համեմատաբար լաւ պահպանուած Ս․ Թադէոս (11-12-րդ դարեր) գմբեթաւոր ոչ մեծ եկեղեցին։