Օգոստոս ամսին, երբ Սուրիական բանակը կը պատրաստուէր զանգուածային յարձակումներ սկսելու Իդլիբի դէմ, Չինաստանը յայտարարեց, որ պատրաստ է մասնակցելու այդ գործողութիւննորուն: Ինչո՞ւ:
Քանի որ, «Թիւրքեստան» կուսակցութեան քաիդական ահաբեկիչները, որոնք առհասարակ տեղակայուած են Իդլիբի մէջ, իրենց անդամներուն մէջ կը ներգրաւեն Ույղուրական ծագում ունեցող Չինաստանի քաղաքացիներ: Եթէ յարձակումներ սկսին Իդլիբի դէմ, կը բազմապատկուին ահաբեկչական յարձակումներն Հալէպի եւ Համայի շուրջ դիրքաւորուած Սուրիական բանակի դիրքերուն դէմ, արդե՞օք Չինաստանը մասնակցութիւն կ՛ունենայ այս ամենուն: Թիւրքիան ակնյայտօրէն այդ կ՛ակնկալէր ..
Խումբ մը թիւրքեր Փետրուարի 10-ին Բուրսայի եւ Ստամբուլի փողոցներուն մէջ իրենց զայրոյթը արտայայտեր են չինական իշխանութիւններուն հանդէպ՝ Ույղուրներուն դէմ անոնց վարած քաղաքականութեան:
Բուրսայի մէջ առաւօտեան աղօթքէն յետոյ խումբ մը թիւրքեր քայլերթով անցեր են քաղաքի փողոցներով՝ իրենց հետ տանելով «Արեւլեան Թիւրքեստանի» դրօշակը եւ վանկարկեր են՝ «Աղօթեցէ՛ք բռնութեան դէմ» կարգախօսը։
Թիւրքիոյ արտգործնախարարութեան խօսնակն անդրադառնալով Ույղուրներու դէմ վերաբերմուքնին՝ նշեր է, որ Անկարան խնդրեր է համաշխարհային հանրութեան եւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարին՝ արդիւնաւետ միջոցներ ձեռնարկելու, որպէսզի վերջ դնէ երկրին մէջ տեղի ունեցող մարդկային ողբերգութիւններուն:
Պէտք է նշել, որ վերջին տարիներուն ընթացքին Թիւրքիան հազարաւոր Ույղուրներու օգներ է հասնելու Իդլիբ, իսկ անոնք բռնագրաւեր են տեղացիներու տուները, եւ բնակութիւն հաստատեր են այնտեղ։
Որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ Իդլիբի մէջ կայ 5000 ույղուր, բայց քանի որ Սուրիական բանակին հետ բախումներուն ժամանակ սպաննուեր է աւելի քան 1500 ույղուր՝ կը նշանակէ որ անոնց իրական թիւը պէտք է շատ աւելի բարձր ըլլայ:
2018 թուականի Օգոստոսի 5-ին Սուրիոյ մէջ Չինաստանի դեսպան Քի Քիանջինը յայտարարեր է, որ Չինաստանի բանակը պատրաստ է աջակցելու Սուրիական զօրքին Իդլիբի կռիւներուն, քանի որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ոչ միայն օգուտ է Սուրիոյ ժողովուրդին՝ այլեւ Չինաստանի ժողովուրդին, ինչպէս եւ աշխարհի բոլոր ազգերուն:
Ան նաեւ նշեր է, որ չինական բանակը կը պատրաստուի պայքարելու Սուրիոյ առկայ հակամարտութիւններուն մէջ ներգրաւուած ույղուրական ահաբեկիչներուն դէմ, որոնց սատարող երկիրները յայտնի են բոլորին։
Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Թիւրքիան տարիներ շարունակ բռնագրաւեր է Արեւտմեան Հայաստանը, կը ոտնահարէ բնիկ ժողովուրդներու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւուքները, կ՛ոչնչացնէ մշակութային կարեւոր ժառանգութիւնները, ներկայիս հնչեցուող յայտարարութիւնները դէմ են իր վարած քաղաքականութեան։
Յիշեցնենք, որ 1917թ.-ի Դեկտեմբեր 29-ին Խորհրդային Ռուսաստանի Ժողկոմխորհին կողմէ ընդունուած «Թիւրքահայաստանի մասին» (Արեւմտեան Հայաստան) Հռչակագիրով ճանչցուեր է Թիւրքահայաստանի (Արեւմտեան Հայաստան) հայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ մինչեւ լիակատար անկախութիւն:
1920թ.-ի Յունուար 19-ին` Փարիզի Վեհաժողովին ժամանակ, Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ դէ ֆակտօ (de facto), իսկ 1920թ.-ի Մայիս 11-ին՝ Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին ժամանակ դէ յուրէ (de jure) ճանչցուեցաւ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: 1920թ.-ի Նոյեմբեր 22-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Վուդրօ Ուիլսոնի Իրաւարար վճիռով որոշուեցաւ հայ-թրքական սահմանը:
Հարկ է նշել, որ Արեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ չէ ճանչցուած՝ Թիւրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած ըլլալուն պատճառով: