Սուրիական դեմոկրատական ուժերը կրցեր են ազատել ԻՊ զինեալներուն կողմէ գերեվարուած  շուրջ 200 պատանդ, որոնք առհասարակ կանայք են եւ երեխաներ։

Ահաբեկիչները զանոնք կ՛օգտագործէին որպէս կենդանի վահան։

Բոլոր պատանդները տեղափոխուեր են Հաջի մօտակայքի Սուրիական փախստականներու ճամբարը։ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու մնացորդները կը շարունակեն պահել Բաղոզը, սակայն ատոնք արդէն շրջափակուած են Սուրիական դեմոկրատական ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ: Հարիւրաւոր պատանդներ դեռ կը շարունակեն մնալ  ահաբեկիչներու ձեռքին: