Ադըյամանի Բեսին շրջանի Զորմաղարա գիւղի շրջակայ միջավայրի պաշտպանները կամաւոր ձեւով սկսեր են ծառեր տնկել՝ վերականգնելու համար ոչնչացուած անտառները։ Կամաւորներէն Ալի Փոլաթը նշեր է, որ այստեղ եթէ մէկ ծառ անգամ վնասուի, Սեւծովեան շրջանի ամբողջ անտառը կ՛ոչնչանայ։  Մինչեւ այսօր բնապահպանները շուրջ 200 ծառ տնկեր են, անոնք կը ծրագրաւորեն յառաջիկային աւելցնել այս թիւը։

«Ադըյամանը բնութեան հրաշք է, սակայն այժմ պետութեան ձեռքով ան կ՛ոչնչացուի»։  Փոլաթը կը նշէ, որ ծառատունկի գաղափարը դեռ շատ շուտուընէ ունէին, սակայն միայն այս տարի կրցեր են իրականացնել այդ գաղափարը։ Ծառատունկը այժմ կ՛իրականացուի Բեսնի մէջ, սակայն կարճ ժամանակի մէջ այն կը տարածուի ամբողջ Ադըյամանի տարածքով մէկ։

«Ադըյամնի, Իզմիրի, Այդընի, Անթալիոյ, Սեւծովեան շրջանի բնութիւնը իրարմէ չի տարբերուիր, այստեղ եթէ մէկ ծառ վնասուի՝  Սեւծովեան շրջանի անտառը կ՛ոչնչանայ։ Ամռան Անթալիոյ անտառային հրդեհներուն պատճառով՝ անտառներու մեծ մասը կ՛ոչնչանայ, սակայն ոչ մէկը կը միջամտէ, եթէ անգամ ուզեն ալ միջամտել՝ անոնց թոյլ չեն տար»,- նշեր է ան։

Շարք մը շրջաններ՝ պետութեան ձեռքով կ՛ոչնչանան։

«Իմ հնարաւորութիւններուս չափ կը փորձեմ անտառներու ոչնչացման դէմն առնել։ Եթէ ինծի պէս մտահոգ մարդիկ շատ ըլլան եւ տէր կանգնինք բնութեան’ 50 տարուայ ընթացքին այս տնկիները ծառեր կը դառնան եւ անտառներու կը վերածուին», – նշեր է ան։