Տնտեսական ճգնաժամին պատճառով՝ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Վանի մէջ մօտ հազար գործատեղ փակուեր է։ Արհեստներու եւ առեւտրականներու պալատներու միութեան տուեալներուն համաձայն՝ 2018 թուականին Վանի մէջ 724 գործատեղ փակուեր է։ Միութեան մէջ չգրանցուած հազար գործատատեղ ալ փակուեր է։

 Առեւտրական Ֆաթիհ Շէքերը կը նշէ, որ ամեն օր պարտքերը ալ աւելի կը շատնան։ «Պետութիւնը անտոկոս վարկ պէտք է տայ, միայն այդպէս կրնանք քիչ մը շարունակել»։

Մէկ այլ առեւտրական Նիհատ Յաքութի խօսքերով՝ տնտեսական ճգնաժամն իր ազդեցութիւնը ձգած է նաեւ շինարարութեան ոլորտին վրայ։ Իսկ շինանիւթերու առեւտուրով զբաղուող Մեհմէտ Նաջի Չիֆթչին նշեր է, որ մարդիկ չեն կարողանար վաճառել կառուցած բնակարանները, ինչն ալ կ՛ազդէ նաեւ իրենց աշխատանքին վրայ։

«Չենք կրնար բանկերէն պարտք վերցնել։ Անոնք պէտք է տոկոսները նուազացնեն»։  

 

Տնտեսական ճգնաժամի բացասական հետեւանքներէն դժգոհ է նաեւ առեւտրական Նուսմետտին Այան։ Ան կը նշէ, որ առաջ մէկ օրուայ ընթացքին կը վաճառէին պանիրի անհրաժեշտ չափը, իսկ հիմա նոյն չափը կը վաճառեն հազիւ մէկ շաբթուայ ընթացքին։

Առեւտրականները կը նշեն, որ վերջին շրջանին շատ առեւտրականներ առեւտուր չըլլալու պատճառով փակեր են իրենց խանութները, վարձավճարները շատ բարձր են, բարձր են նաեւ հարկերը։

«Շատ ծանր օրեր են, գործ չկայ, ստիպուած ենք մեր խանութները փակելու»,-կընշեն անոնք։