Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի նախագահ Քրիստինէ Լագարդը, ուշադրութիւն դարձնելով համաշխարհային տնտեսական սպասումներու դանդաղեցման փաստին, զուգշացուցեր է, որ կուտակուած ամպերը կրնան փոթորիկի պատճառ դառնալ – կը հաղորդէ Բլումբերգը։Դուբայի մէջ կազմակերպուած Համշխարհային կառավարութիւններու գագաթնաժողովին ժամանակ Լագարդը երկրի ղեկավարներուն կոչ ըրեր է պատրաստ ըլլալու այս փոթորիկին։ Խօսքը տնտեսական լարուածութիւններու, հաւելեալ մաքսատուրքերու աւելացման, Բրեքսիթի գործընթացի անորոշութեան, Չինական տնտեսութեան մէջ աճող անկումներու մասին է։ ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի միջեւ առկայ տնտեսական լարուածութեան ազդեցութիւնը արդէն սկսեր է զգացնել տալ։Լագարդը ընդծեր է, որ դեռ չեն գիտեր թէ ինչպէս պիտի լուծեն լարուածութեան հարցը, բայց եւ այնպէս, կը նկատեն, որ ան կը սկսի ազդել առեւտուրի եւ արժոյթի վրայ։ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի նախագահը ընդգծեր է, որ կառավարութեան եւ կազմակերպութիւններու համար բեռ հանդիսացող պարտքերը նոյնպէս մեծ վտանգներ կը պարունակեն։«Երբ երկինքին շատ ամպեր են, փոթրիկի յառաջացման համար միակ անհրաժեշտ բանը կայծակն է»,- նշեր է ան։