Իսրայէլեան հրասայլերու կրակին հետեւանքով՝ Սուրիոյ սահմանամերձ Ալ-Կունէյտրա նահանգին մէջ հիւանդանոց մը եւ այլ թիրախներ ոչնչացուեր են – կը հաղորդէ РИА Новости-ն՝ Սուրիական պետական հեռուստատեսութեան յղումով:

Ինչպէս կը հաղորդէ Իխբարիա հեռուստաալիքը, թիրախը հիւանդանոցը եղեր է, որ ոչնչացուեր է արձակուած քանի մը արկով: Բացի այդ, յարձակման ենթարկուեր է նաեւ Ջուբբաթ ալ Խաշաբի աստղադիտարանը, ինչպէս նաեւ Թէլ Էլ-Դարիյայի շրջանը:

Ալ-Կունէյտրայի նահանգապետը РИА Новости-ին յայտներ է, որ Իսայէլեան հրասայլերը նահանգի ուղղութեամբ 5 արկ արձակեր են, որոնք ինկեր են Ջուբբաթ ալ Խաշաբի անտառներու շրջանին: