ԱՄՆ-ի ղեկավարած միջազգային դաշնակից ուժերու իրականացուցած օդային հարուածին հետեւանքով Սուրիական Բագուզ գիւղին մէջ Երկուշաբթի՝ Փետրուարի 11-ին, 70 մարդ զոհուեր է։
Կը նշուի, որ բոլոր զոհերը խաղաղ բնակիչներ էին: Զոհուածներուն մէջ կայ 7 երեխայ:
«Միջազգային դաշնակիցներու օդանաւները նոր յանցանք գործած են», – կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Միջազգային դաշնութիւնը պարբերաբար օդային հարուածներ կ՛իրականացնէ Սուրիոյ մէջ: Միացեալ Նահանգներն ու դաշնակիցները Սուրիոյ մէջ գտնուող «Իսլամական պետության» դէմ գործողութիւններ կը ծաւալեն 2014 թուականէն: Ընդ որում, անոնք կը գործեն առանց երկրի իշխանութիւններու համաձայնութեան: