«The Australian Weekend»-ը յօդուած մը հրապարակեր է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէլս նահանգի վարչապետ Գլեդիս Բերեջիկլեանին մասին։
«Ինչը յառաջ կը մղէ Նոր Հարաւային Ուէլս նահանգի վարչապետ Գլեդիս Բերեջիկլեանին» վերնագիրով յօդուածին մէջ կը նշուի, որ 1915 թուականին Հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութենէն յետոյ Գլեդիս Բերեջիկլեանի տատիկներն ու պապիկները որբացեր են:
«Անոնց նախնիներու դիմացկունութեան մասին կը վկայէ անոնց ընտանիքի պատմութիւնը: Վարչապետի խօսքով՝ 1915 թուականին Հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութենէն յետոյ Գլեդիս Բերեջիկլեանի տատիկներն ու պապիկները որբացեր են», – կը գրէ թերթը՝ նշելով, որ Բերեջիկլեանի 40 բարեկամները մահացեր են Հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ժամանակ: