Ջավախքէն ներս պարբերաբար կը նիւթուին ծրագրուած սադրանքներ եւ խարդաւանքներ, որոնք նպատակ ունին սրել ազգամիջեան փխրուն եւ նրբաբնոյթ յարաբերութիւնները եւ Վրաստան բնակող այլազգիները շեղել իրենց ազգային եւ քաղաքացիական խնդիրներէն: Սա բնաւ ալ չի նպաստեր երկրէն ներս ներդաշնակ մթնոլորտ ստեղծելուն, եւ պետութեան բնականոն զարգացման: Այսպիսի քայլերը կը մշակուին ուժային յատուկ կեդրոններու նախագիծերով:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդը խիստ մտահոգուած է նմանօրինակ դրսեւորումներով եւ զգաստութեան ու սթափութեան յորդոր կը յղէ իրաւասու եւ պատկան մարմիններուն: Երրորդ ուժի մը դրդմամբ քանիցս Թբիլիսիի մէջ կատարուեր են հանրահաւաքներ՝ այդ արձանը կազմալուծելու ապօրինի պահանջով: Պահանջի էութիւնն այն է, թէ իբր ‹‹ատրպէյջանցիներ սպանած յանցագործը›› չի կրնար արձան ունենալ երկրի մը մէջ, ուր նաեւ կ՛ապրին ատրպէյջանցիներ:

Խօսքը կը վերաբերի Ախալքալաքի տարածաշրջանի Բուղաշէն հայկական գիւղին մէջ վերջերս վերաբացուած ազատամարտիկ, հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակ Միքայէլ Աւագեանի արձանին: Վերջինս Մեղրիի հետախուզական ստորաբաժանման  անդամ էր, հետախոյզ, որ կռուեր է միայն մարտադաշտէն ներս, այլ ոչ թէ խաղաղ բնակչութեան դէմ: Ատրպէյջանցիները հերիւրանք կը տարածեն այն մասին, որ իբր թէ Միքայէլ Աւագեանը կռուեր է Աբխազիոյ կողմէ վրացիներու դէմ: Բայց ան միեւնոյն ատեն չէր կրնար ըլլալ Աբխազիոյ մէջ՝ եւ մարտնչիլ ‹‹Մ. Բաղրամեան›› գումարտակի կազմին մէջ, վրացիներու դէմ, քանի որ կը մասնակցէր բացարձակապէս այլ տարածքներու մէջ ծաւալուող մարտական գործողութիւններուն, որոնք ոչ մէկ կապ ունին վրացիներու հետ: Այս հարցը որոշակի ուժեր միտումնավոր կերպով կը քաղաքականացնեն: Թիւրք-ատրպէյջանական ոտնձգութիւնը Վրաստանէն ներս՝ չի բխիր թէ՛ երկրի եւ  թէ՛ հայութեան շահերէն:

Խնդիրն այն է, որ որոշ պղտոր եւ ապակառուցողական ուժերու անհրաժեշտ է, պառակտում եւ թշնամանք սերմանել բազմազգ Վրաստանի հանրութեան մէջ՝ ինչ-ինչ օգուտներ քաղելու նպատակով: Կը թուի, թէ այստեղ առկայ են աշխարհաքաղաքական որոշակի շահեր: Սա յարուցեր է ողջ հայութեան զայրոյթն ու վրդովմունքը, քանի որ պահանջը ստոր է եւ հակաօրինական: Արձանի տեղադրումը բնաւ ալ ուղղուած չէ ատրպէյջանցիներուն դէմ: Հայերս միշտ ալ կամեցեր ենք հարեւանական բնականոն յարաբերութիւններ ունենալ մեր հարեւաններուն հետ, իսկ պայքարը արդարացի է եւ միտում ունի պաշտպանելու մեր օրինական իրաւունքներն ու հայրենիքը, ինչը ընդունուած է ամբողջ միջազգային հանրութեան շրջանակներուն կողմէ:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդ

  12.02.2019