Կիպրոսը եւ Հայաստանը երկուքն ալ տուժեր են Թիւրքիոյ գործողութիւններէն։ Ասոր մասին ըսեր է Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Սաւաս Անգելիդիսը Երեւանի մէջ Փետրուարի 12-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին։

«Մեր պարտքն է՝ չմոռնալ, թէ ինչ տեղի ունեցաւ հայերուն հետ, եւ մենք կը դատապարտենք Ցեղասպանութիւնը։

Կիպրոսն առաջին Եւրոպական երկիրն է, որ 1982 թուականին ընդուներ է Հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը։

2015 թուականի Փետրուար 2-ին՝ Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատն ընդունեց օրէնք Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատվութեան ենթարկելու մասին»,- նշեց նախարարը։

Անոր խօսքով՝ հայ պաշտօնակցին հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուեր են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր։ «Կը Կարծենք, որ Միջերկրածովը Կիպրոսի շրջակայքին պէտք է վերածուի կայունութեան եւ խաղաղութեան շրջանի»,- ըսաւ նախարարը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանին՝ Կիպրական հարցին ունեցած իր դիրքորոշման համար։