Ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու բաժնին համար այս տարի առաջին անգամ յատկացուեր է առանձին բիւտջէ, մօտ 5 մլն դրամի չափով: Ասոր մասին նախօրէին կայացած մամուլի ասուլիսին ժամանակ ըսեր է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը՝ աւելցնելով, որ մասնաւորապէս օգնութիւն պիտի ցուցաբերուի Արցախի մէջ գրանցուած ռուսական եւ յունական համայնքներուն:
«Համապատասխան բաժինն արդէն կը կազմէ այս տարուայ միջոցառումներուն ծրագիրը, որպէսզի կարենանք աշխատանքներն ալ աւելի աշժուժացնել: Այս տարի պիտի աջակցինք, որպէսզի յունական համայնքն ունենայ գրասենեակ եւ կարողանա գործունէութիւնը ծաւալել»,- նշեր է Լ. Յովհաննիսեանը: