Եւրոպայի խորհուրդի՝ մամուլի ազատութեան վերաբերեալ հրապարակած զեկոյցին կը նշուի, որ  ձերբակալուած լրագրողներու քանակով Թիւրքիան առաջատարն է աշխարհի։ Ըստ Եւրո-Խորհուրդի զեկոյցին՝  կառոյցի անդամ երկրներուն մէջ ձերբակալուած 130 լրագրող կայ, որոնցմէ 110-ն Թիւրքիոյ տարածքին է։

 

«Թիւրքիոյ մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուելէ ետք՝ իրենց հայեացքներուն համար ձերբակալուեր կամ բանտարկուեր է 200-էն աւելի լրագրող»։ Զեկոյցով կը նշուի, որ լրագրողներու եւ լրատուական ալորոտի ներկայացուցիչներու ձերբակալութիւնները, յատկապէս երկրի հարաւարեւելեան շրջանին՝ 2018թ․-ին շարունակուեր է։ Զեկոյցի՝ Թիւրքիային վերաբերեալ հատուածին կը, նշուի․

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ 2018 թ․-ի Յուլիսին Թիւրքիոյ մէջ դադրեցուեր է արտակարգ դրութեան կարգը, այնուամենայնիւ աշխարհի ամենաշատ ձերբակալուած լրագրողները Թիւրքիոյ մէջ են։ Խօսքի եւ մամուլի ազատութեան տեսանկիւնէն՝ ան ամենայետամնաց երկիրներու շարքին է»։

Զեկոյցով նաեւ անդրդադարձ կայ Cumhuriyet-ի լրագրող Ամհմէտ եւ Մեհմէտ Ալթանին եւ Նազլը Ըլըջաքի դատական գործերուն։ Կը նշուի, որ այս դատական գործերը ցոյց կուտան, որ Թիւրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութիւնը ամբողջապէս քայքայուեր է։