“Երիտասարդ Թիւրք” յանցագործներու դատավարութիւնը եւ Վերսայլեան պայմանագիրը
Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն Կոմիտէի հիմնական պատասխանատուներու Գերմանիա փախուստէն յետոյ, թրքական ազատական կառավարութիւնը, որն յաջորդեց անոնց իշխանութեան, 1918 թ.-ի Դեկտեմբեր 16-ին որոշում կայացուց ստեղծելու Յանձնաժողով մը, քննելու եւ դատելու համար Հայերու դէմ կատարուած ջարդերու, ինչպես նաեւ պատերազմի մէջ ներքաշուելու հանգամանքներն ու անոնց պատասխանատուները:.
Բացի այդ, երբ Պոլսոյ Պատրիարքարանը վերականգնուեցաւ Մուդրոյի զինադադարէն ետք՝ ստեղծուեցաւ Տեղեկատուական Գրասենյակ (Dégégadou Tivan), որպէսզի դատավարութեանն առնչուող նիւթեր հաւաքէր:
Այսպիսի փաստաթուղթեր հաւաքուեցան. գաղտնագրուած հեռագիրներ, պաշտօնական փաստաթուղթեր, նաեւ ականատեսներու վկայութիւններ: Օսմանեան կայսրութեան նահանգները բաժնուեցան 10 շրջաններու եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար նշանակուեցան դատախազներ, քննիչներ, դատաւորներ եւ դատարանի քարտուղարներ:
Անմիջապէս 1919 թ.-ի Յունուար 8-ին՝ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձեւաւորուեցան երեք ռազմական դատարաններ:
1919 թ.-ի Յունուար 27-ին դատավարութեան ընթացքին նոյնինքն Մուստաֆա Քեմալը խոստովանեցաւ սարսափելի եւ անհաւանական յանցագործութիւնները Փաշաներուն:
Սակայն քեմալական ուժերու յաղթանակէն յետոյ՝ 1921 թ.-ի Յունուար 13-ին դատավարութիւնները կասեցուցան, եւ ոճիրները շարունակուեցան:
Քանի մը դատավարութիւն տեղի ունեցաւ.
- Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, նախարարներու եւ այլ գլխաւոր պաշտօնատար անձերու դատավարութիւնը – դատավճիռները կայացան 1919 թ.-ի Յուլիս 5-ին
- Կուսակցութեան Տարածաշրջանային պաշտօնեաներու դատավարութիւնը – Դատավճիռները կայացան 1920 թ.-ի Յունուար 8-ին
- Դատավարութիւնը Եօզղատի սանջակէն եղած տեղահանութիւններուն եւ կոտորածներուն – Դատավճիռը կայացաւ 1919 թ․-ի Ապրիլ 8-ին
- Դատավարութիւնը Տրապիզոնի նահանգէն եղած տեղահանութիւններուն եւ կոտորածներուն – Դատավճիռը կայացաւ 1919 թ.-ի Մայիս 22-ին
- Դատավարութիւնը Բիւյիւկ Դէրէյի արուարձաններուն կատարուած տեղահանութիւններուն եւ կոտորածներուն – Դատավճիռը կայացաւ 1919 թ.-ի Մայիս 24-ին
- Դատավարութիւնը Խարբերդի վիլայէթին մէջ կատարուած տեղահանութիւններուն եւ կոտորածներուն – Դատավճիռը կայացաւ 1920 թ.-ի Յունուար 13-ին
- Դատավարութիւնը Ուրֆայի մէջ կատարուած տեղահանութիւններուն եւ կոտորածներուն – Դատավճիռը կայացաւ 1920 թ․-ի Յուլիս 20-ին։
- Դատավարութիւնը Էրզինջանի մէջ կատարուած տեղահանութիւններուն եւ կոտորածներուն – Դատավճիռը կայացաւ 1920 թ․-ի Յուլիս 27-ին։
1919 թ.-ի Մարտ 8-ին, Սուլթան Մեհմեդ VI- ի կայսերական հրամանով՝ Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն կուսակցութեան պատասխանատուներն ու ղեկավարները, նաեւ որոշ նախարարներ ձերբակալուեցան եւ բերուեցան Կոստանդնուպոլսոյ Մարտական դատարանին առջեւ: Սակայն հիմնական պատասխանատուները փախան Գերմանիա, իսկ ոմանք դատավարութեան ընթացքին բրիտանացիներուն կողմէ աքսորուեցան Մալթա կղզի:
1918 թ.-ի Նոյեմբեր 21-ի կայսերական հրամանագիրով՝ Ընդհանուր Իրաւասութեան գերատեսչութեան Գրասենեակին կողմէ Վարչական հետաքննութեան «Մազհար յանձնաժողով»-ն ստեղծուեցաւ, եւ ապա յաջորդ ամսուն ռազմական ատեանի դատարանները կազմուեցան՝ դատելու համար ոճրագործ երիտ-թիւրքերը, ինչի համար յանձնարարուեցաւ կազմել բազմաթիւ թղթապանակներ։ Երբ ձեւաւորուեցաւ «Մազար Յանձնաժողովը»՝ ան ստանձնեց նիւթերուն վերաբերող տարրեր եւ վկայութիւններ հաւաքելու առաքելութիւնը, յատկապէս հայ բնակչութեան նկատմամբ կատարուած յանցագործութիւններուն մէջ ներգրաւուած Պետական պաշտօնեաներուն վերաբերեալ իր հետաքննութիւնը: Նա ունէր գործունէութեան բաւական մեծ տարողութիւն, քանի որ կրնար դատի տալ, փնտռել եւ գրաւել փաստաթուղթերը, այլեւ ձերբակալել եւ բանտարկել կասկածեալները՝ օգտագործելով դատական ոստիկանութեան ծառայութիւնները, կամ նոյնիսկ Պետութեան միւս ծառայութիւնները:
Ի սկզբանէ Հասան Մազհարը պաշտօնական շրջաբերական մը ուղղեց գաւառներ, եւ նահանգներու ենթագաւառներ, որպէսզի իրեն յանձնեն տեղական իշխանութիւններու ստացած Հայերը տեղահանելուն եւ կոտորելուն վերաբերող յանձնարարականներուն բնօրինակները կամ հաստատուած պատճէնները: Յանձնաժողովը նաեւ քննեց վկաներուն երդումները: Երեք ամիսէն քիչ մը պակաս ժամանակի մէջ՝ ան կազմեց հարիւր երեսուն թղթապանակներ, որոնք աստիճանաբար փոխանցուցան ռազմական Դատարանին:
Ստամբուլի մամուլին մէջ Երիտասարդ-Թիւրք յանցագործներու դատավարութեան ընթացքին արձանագրուած հակազդեցութիւնները ցոյց կուտան, որ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը անոնց գործողութիւնները կը համարէ պատժելի ոճիրներ: Միւս կողմէ, կ՛երեւի, որ ռազմական դատարանը ամենէն շատ կը ձգտէր կատարուած յանցագործութիւնները բարդելու փոքր թիւով մարդկանց վրայ, որպէսզի Օսմանեան պետութիւնը աւելի քիչ պարտաւորութիւններ կրէր, եւ Թիւրքիան որոշակիօրէն “անմեղ” ներկայացնէր, քանի որ ան կը պատրաստուէր խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու պատերազմը յաղթողներուն հետ:
Ի վերջոյ անհրաժեշտ է յիշել, որ նախապատրաստութիւնները կը կատարուէին յատկապէս Բրիտանիոյ եւ ֆրանսայի կառավարութիւններուն կողմէ, եւ որոնք ընդհանուր առմամբ անյայտ կը մնան Արեւմտեան աշխարհի պատմագրութեան, որով կ՛ուզէին Երիտասարդ-Թիւրք յանցագործները կանգնեցնել միջազգային «Բարձր Ատեանի Դատարան”-ի մը առջեւ։ Արդէն 1919-ի Փետրուարին՝ Նախնական Խաղաղութեան Վեհաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած էր իրաւական կարգավիճակներու մշակումը Պատասխանատւութեան Յանձնաժողովին եւ անոր ենթայանձնաժողովներուն կողմէ։ Եթէ անոնք երբէք չկարողացան իրականացնել Հայերը կոտորող Երիտ-Թիւրք դահիճներուն պատիժը, ապա ատոր փոխարէն ուղղակիօրէն ներշնչեցին իրաւաբաններուն, ովքեր յետագային աշխատեցան այդ հարցերուն շուրջ:
23 Նոյեմբեր 1918 – Սուլթանին կողմէ իր վարչակարգի Ընդհանուր Անվտանգութեան կառոյցներէն ներս կազմուեցաւ հետաքննութեան յանձնաժողով մը՝ Անգորայի նախկին նահանգապետ Հասան Մազհար Բէյի նախագահութեամբ: Ան կը պարտաւորուէր ապացոյցներ եւ վկայութիւններ հաւաքելու, մասնաւորապէս կեդրոնանալով հայ բնակչութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն մէջ ներգրաւուած Պետական պաշտօնեաներուն մասին: Երեք ամսուայ ընթացքին ան ուսումնասիրեր է հարիւր երեսուն հրահանգներ, որոնք աստիճանաբար փոխանցուեր են ռազմական դատարան:
*** (Dadrian, 1994:507).
24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր 1918 – Օսմանեան խորհրդարանի հինգերորդ յանձնաժողովը, որ պարտաւորուեցաւ հետաքննելու ոճիրները, որոնք կատարուած էին պատերազմի ընթացքին, լսեց Երիտ-Թիւրքերու Կեդրոնական կոմիտէի եւ նախարարական գրասենեակներու անդամներուն, որոնք դեռ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կը գտնուէին։
*** (Kévorkian, 2006:890).
8 Յունուար 1919 – Սուլթանին կողմէ ստորագրուած հրամանով՝ Արտակարգ Ռազմական Դատարան մը կազմուեցաւ յստակօրէն, դատելու համար տարբեր կարգավիճակի յանցագործները․
1) Հայերուն դէմ կատարուած յանցագործութիւններու իրական հրահրողները.
2) Անոնք, որոնք աշխատեր են այդ գլխաւոր պատասխանատուներու ստուերին տակ, ինչպէս, օրինակ, Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Կոմիտէի կեդրոնական ազդեցիկ անդամները,
3) Գաղտնի կազմակերպութիւններու անդամները, ինչպիսին են Յատուկ կազմակերպութիւնը, նաեւ բարձրաստիճան զինուորականներն ու բանտերէն արձակուած յանցագործները:
4) Այն պատգամաւորները, որոնք չեն բողոքած եւ յանցակից են կատարուած ոճիրներուն։.
5) Այն հրապարակախօսները, որոնք ծափահարեր եւ խրախուսեր են այդ ոճիրները, բորբոքեր են հասարակական կարծիքը կեղծ եւ սադրիչ յօդուածներով.
6) Անոնք, որոնք հարստացեր են այդ յանցագործութիւններէն օգտուելով,
7) Այն փաշաններն ու բէյերը, որոնք իրականացուցեր են այդ յանցագործութիւնները:
*** (Dadrian, 1994:508-509).
29 Յունուար 1919 – Դոկտոր Ռէշիդը՝ Դիարբեքիրի նահանգապետը, եւ Ստամբուլի նահանգապետ Իսմայիլ Ջանփոլատը ձերբակալուած են:
*** (La Renaissance, n° 57, 5 février 1919)
3 Փետրուար 1919 – Խաղաղութեան նախնական վեհաժողովին կողմէ ստեղծուած պատերազմի Պատասխանատւութեան եւ պատժամիջոցներու յանձնաժողովի հեղինակներուն առաջին աշխատանքային նիստը ընթացած է: Այն կը նախատեսէ ներկայացնել առաջարկութիւններ՝ «կանոնակարգին մէջ չընդգրկուած այն դէպքերը», որոնք կը գերազանցեն մինչեւ օրս սահմանակարգուած պատերազմական յանցագործութիւնները:
*** (Kévorkian, 2006:936-937).
5 Փետրուարէն 8 Ապրիլ 1919 – Եոզղաթի սպանդներուն դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ ռազմական դատարանէն ներս: Վերջինս մահապատիժի դատապարտեց գաւառապետ Քեմալ Բէյին, եւ 15 տարուայ ազատազրկման՝ ոստիկանութեան հրամանատար Թեւֆիկ Բէյին:
*** (T.V. n° 3617, 7 août 1919).
1919 թ․-ի Մարտ 4-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 10-ը – Դամադ Ֆէրիդ Փաշան կը ղեկավարէ նախարարներու ազատական խորհուրդը:
1919 թ․-ի Մարտ 5 – Խաղաղութեան նախնական վեհաժողովի յանձնառութիւններու յանձնաժողովը կը ներկայացնէ իր եզրակացութիւնները: Երրորդ կէտով կը սահմանուին «որոշումներ, որոնք իրենցմէ կը ներկայացնեն պատերազմի օրէնքներու եւ սովորոյթներու խախտումները», որոնք կը հիմնուին Հաագայի Պայմանադրութեան (1907) IV E բաժինով նախապէս հաստատուած չափանիշներուն վրայ, համակարգային ահաբեկչութիւն; սպանութիւններ եւ կոտորածներ (յօդուած 46), խոշտանգում (յօդուած 46); քաղաքացիներու օգտագործումը որպէս վահան (յօդուած 46); կանանց պատուի խախտում (յօդուած 46): մասնաւոր սեփականութեան բռնագրաւում (յօդված 53); կողոպուտ; հաւաքական պատիժ, ներառեալ պատանդներու կալանաւորում եւ մահապատիժ (յօդուած 50), ներդրում` առանց գրաւոր հրամաններու, մուտքերու կամ իրաւական հիմքերու (յօդուած 51): պահանջներ, որոնք կը վերաբերին ռազմական գործողութիւններուն (յօդուած 52). համայնքներուն, կրթական եւ բարեգործական հաստատութիւններուն պատկանող գոյքի բռնագրաւում (յօդուած 56). պետական կամ մասնաւոր սեփականութեան կամայական ոչնչացում. արտաքսում եւ հարկադիր աշխատանք (յօդուած 46); կեղծ մեղադրանքներով քաղաքացիական անձերու մահապատիժ ռազմական յանցագործութիւններ իրականացնելու համար։ Այս յանցագործութիւնները պատժելու նպատակով բանաձեւին մէջ խօսք կ՛ըլլայ «Բարձր Ատեանի» ձեւաւորման մասին:
** (Kévorkian, 2006:937-938).
1919թ․-ի Մարտ 10 – Օսմանեան ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ Սաիդ Հալիմին, Հայրի Բէյին, Մուսա Քազիմին, Ռիֆաթ Բէյին, Ֆինանսներու նախկին նախարար Հալիլ Բէյին, Արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմէդ Շիւքրիւ Բէյին, կրթութեան նախկին նախարար Ահմէդ Նեսիմի Բէյին, նախկին արտգործնախարար Իբրահիմ Բէյին, նախկին արդարադատութեան նախարար Իսմայիլ Մուստակ Բէյին, Սենատի գլխաւոր քարտուղար Հաբիբ Բէյին, պատգամաւոր Ալի Միւնիֆին, Ներքին գործոց նախկին պետքարտուղար Հիլմի Բէյին, Անգորայի պատգամաւոր Ահմէդ Էմին Բէյին, Ստամբուլի պատգամաւոր Ջելալ Նուրի Բէյին, Աթտիի գլխաւոր խմբագիր Օսման Բէյին, Ներքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Ֆեթհի Բէյին, նախկին արտգործնախարար Սալահ Չիմչոզին, նախկին պատգամաւոր Ֆուադ Բէյին, Սաբանչալի Իսմայիլ Հաքին, Իստիկլալի հրատարակիչ Իզզէթ Բէյին, Հոջա Հասան Ֆեհմիին, Սինոպի պատգամաւոր Մուստաֆա Ռեշադ Բէյին՝ Օսմանեան ոստիկանութեան քաղաքական բաժնի տնօրէն:
*** (La Renaissance, n° 85, 11 Մարտ 1919).
1919 թ․-ի Մարտ 20 – Իթթիհադի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ահմէդ Ագաօղլուի ձերբակալութիւնը։
*** (La Renaissance, n° 94, 21 Մարտ 1919).
1919 թ․-ի Մարտ 27 – Կոստանդնուպոլսոյ զինուորական հրամանատար Ջեւդէթ Բէյի , Երիտասարդ Թիւրքերու կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յուսուֆ Զիյա Բէյի եւ Նեջաթի Բէյի ձերբակալութիւնը:
*** (La Renaissance, n° 100, 28 Մարտ 1919).
1919 թ․-ի Ապրիլ 17 – Իթթիհատի կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Միդհատ Շիւքրու Բէյի, Քիւչիւկ Թալաթ Բէյի եւ Զիա Գէօքալփի ձերբակալութիւնը։
*** (La Renaissance, n° 118, 18 Ապրիլ 1919).
1919 թ․-ի Ապրիլ 27 – Նախարարներու խորհուրդի եւ Իթթիհադի կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն դատավարութիւնը կը սկսի Ստամբուլի արտակարգ դատարանի մարտական գործողութիւններէն առաջ: Վերջիններուս դատաւորներն էին` Հալիլը (խորհրդարանի նախկին նախագահ, նախկին արտգործնախարար, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ), Միդհաթ Շիւքրիւն (Կեդրոնական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար), Զիա Գէօքալփը (Ստամբուլի համալսարանի ռեկտոր), Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակի անդամ), Կարա Քեմալը (Կեդրոնական կոմիտէի բիւրոյի անդամ) Յուսուֆ Ռիզան (Կեդրոնական կոմիտէի բիւրոյի անդամ), Սայիդ Հալիմը (նախկին գլխաւոր վեզիր, Կեդրոնական կոմիտէի բիւրոյի անդամ), Ահմէդ Շիւքրիւն (կրթութեան նախկին նախարար, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ), Գիրիթլի Ահմէդ Նեսիմի (նախկին արտաքին գործոց նախարար, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ), Աթիֆ Բէյը (CUP/ԿՀՎ-ի պատուիրակ, ապա Անգորայի եւ Կաստամոնուի նահանգապետ), Կեդրոնական կոմիտէի անդամ), Ահմէդ Ջեւադ Բէյ (զինուած ուժերու հրամանատար), Իբրահիմ Բէյը (նախկին Արդարադատութեան նախարար, այնուհետեւ` Խորհուրդի նախագահ), Քիւչիւք Թալաաթ Բէյը (Կեդրոնական կոմիտէի անդամ) 478. Այս խումբէն ներս յետագային տեղ գրաւեցին Յունիսի 3-ին` Հայրի Էֆենդին (նախկին շէյխ ուլ-իսլամ, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ), Մուսա Կազըմը (նախկին շէյխ ուլ-իսլամ, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ), Մուսթաֆա Շերիֆ Բէյը (առեւտուրի եւ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ), ինչպէս նաեւ Իսմայիլ Ջանփոլաթը (անվտանգութեան գլխաւոր տնօրէն, CUP/ԿՀՎ-ի գործակալ), Աբբաս Հալիմ Փաշան (հանրային աշխատանքներու նախարար, Սայիդ Հալիմի եղբայրը), Ալի Միւնիֆ Բէյը (Ներքին գործոց նախկին պետքարտուղար), Հուսէյին Հասիմը (Փոստի եւ Հեռագրական կապի նախարար) եւ Ռիֆաթ Բէյը (Սենատի նախագահ), հիմնական մեղադրեալներու բացակայութեամբ:
*** (T.V. n° 3571, 11 Հունիս 1919, p. 127).
1919 թ․-ի Մայիս 4-էն 17 – Եօթ լսումներ՝ նուիրուած Իթթիհադի կեդրոնական կոմիտէի վեց անդամներ Միդհաթ Շիւքրիւին, Զիա Գէօկալփին, Ահմէդ Ջեւադին, Քիւչուք Թալաթին, Յուսուֆ Ռիզային եւ Աթիֆ Բէյին, որոնք դեռ մայրաքաղաք կը գտնուին:
*** (T.V. n° 3543, 12 Մայիս 1919, p. 15-31, n° 3547, 15 Մայիս 1919, p. 33-36, եւ այլն.).
1919 թ․-ի Մայիս 22 – 41 երիտ-թիւրք մեղադրեալներ ազատ արձակուած են Կոնստանտնուպոլսոյ ռազմական դատարանին կողմէ։
** (Kévorkian, 2006:945).
1919 թ․-ի Մայիս 28 – Բրիտանական իշխանութիւնները կ՛որոշեն վերահսկողութեան տակ վերցնել Երիտ-Թիւրք ներկայացուցիչները՝ փակուած Կոստանդնուպոլսոյ բանտէն ներս: Անոնք զիրենք նաւ կւը նստեցնեն եւ կը բանտարկեն Մալթայի մէջ:
** (Kévorkian, 2006:945).
1919 թ․-ի Յուլիս 5 – Կոստանդնուպոլսոյ դատարանը կ՛առաջարկէ դատավճիռ՝ ուղղուած միայն երիտ-թիւրք նախարարներու դատավարութեան մեղադրեալներուն: Այն ցմահ կը դատապարտէ Թալաթին, Էնվերին, Ջեմալին եւ Նազիմին, իսկ Ջաւիդին, Մուստաֆա Շերիֆին եւ Մուսա Կազըմին տասնհինգ տարուայ հարկադիր աշխատանքի:
*** (T.V. n° 3604, 5 Օգոստոս 1919, p. 217-220).
1920 թ․-ի Յունուար 21 – Օսմանեան խորհրդարանին կողմէ կ՛ընդունուի «Հայաստանի գոյքի վերականգնման մասին» օրէնքը, որ կ՛ընդգրկէ երեսուն երեք յօդուածներ, սակայն երբէք չէ իրագործուած:
*** (T.V. թիւ 3747, 25 Յունուար 1920, էջ. 6, սիւնակ 1 եւ 2).
Գարուն 1920 – Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքարանի Հասարակական ծառայութիւնները կը յայտնեն, որ դեռ 6000 կանայք եւ երեխաներ կը շարունակեն մնալ Կոստանդնուպոլսոյ, Իզմիթի, Բուրսայի եւ Էսկիշեհիրի շրջաններուն, 2000-ը` Կարահիսար, 1500-ը Բոլուի շրջանին, 3000-ը Կոնիա, 500-ը Քաստամոնէ, 2000-ը Տրապիզոն, 3500-ը Սեբաստիայ, Կեսարիայ, 3000-ը` Էրզրում, 25000 Դիարբեքիր-Մարդին, 3000-ը Հարփութ եւ 5000-ը Բիթլիս ու Վանի մէջ:
*** (Kévorkian, 2006:929).
1921 թ․-ի Մարտ 15, Բեռլին :1918 թ.-ի Նոյեմբերէն՝ Գերմանիայ գտնուող Մեհմէդ Թալաաթը սպանուեր է հայ յեղափոխական Սողոմոն Թէհլերեանի կողմէ:
1922 թ․-ի Ապրիլ 17, Բեռլին – Բահաէդդին Շաքիրն ու Ջեմալ Ազմին փողոցի մէջ սպաննուեր են երկու հայ զինեալներու կողմէ:
1922 թ․-ի Յուլիս 25, Թիֆլիս (Վրաստան) – Ահմէդ Ջեմալը սպաննուեր է հայ զինեալի մը կողմէ:
1919 թ.-ի Յունիս 28-ին ստորագրուած Վերսայլեան Պայմանագիրը, դաշնակից եւ հարակից պետութիւններու եւ Գերմանիոյ միջեւ վաւերացուեր է 1920 թուականի Յունուար 10-ին:
Չորս հիմնական դաշնակից առաջնորդներուն անունները յիշելով (Ուիլսոն, Կլեմանսո, Լլոյդ Ջորջ, Օրլանդոն), պէտք չէ մոռնալ, որ 27 պետութիւններու ներկայացուցիչները իրականութեան մէջ մասնակցեր են Պայմանագիրի նախապատրաստման եւ մշակման: Բացի քաղաքական գործիչներէն, շատ «փորձագէտներ» նոյնպէս ներգրաւուեր են 52 յանձնաժողովներէն ներս։
05.02.2019
Արմենակ Աբրահամեան
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ