Հայաստանը Սու–30 տեսակի 4 կործանիչներով պիտի չբաւարարուի։ Այսօր ԱԺ–ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ասոր մասին յայտնեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը` պատասխանելով Ռուսաստանէն կործանիչներ ձեռք բերելու մասին հարցին։
«Կործանիչները, ըստ պայմանագիրի՝ Հայաստանի մէջ պէտք է յայտնուին սահմանուած ժամանակահատուածին։ Այս պահին դեռ տեղ չեն հասած»,– ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ Սու-30–ները փորձուած, ժամանակակից, բազմակողմանի հնարաւորութեան կործանիչներ են։