Դերսիմի մէջ, ուր բնակչութեան մեծ մասը Ալեւիներ են, քաղաքական վերնախաւը Կրօնական գործերու վարչութեան միջոցով քաղաքէն մերս միզկիթներ կառուցեր է։
Ինչպէս կը յայտնէ Birgün լրատուական գործակալութիւնը, Կրօնական գործերու վարչութիւնը Օվաջըքի Զիյարէթ գիւղի եւ Բոլոմերի Քըրմըզը Քէօփրիւ գիւղերու կիսաւեր կառոյցները ներկայացուցեր են որպէս մզկիթներ՝ անգամ գիւղացիներուն տեղեակ չպահելով, եւ իմամներ ուղարկեր են։ Ըստ Կրօնական գործերու վարչութեան՝ տարիներ շարունակ Քըրմըզը Քէօփրիւյի կիասւեր շէնքին մէջ, որ տարիներ շարունակ չէ բացուած, կայ 2 անձնակազմ։ Գիւղացիները կը նշեն, որ Փերթեկի Ենիքէօյ գիւղին մէջ նոյնպէս նոյն իրավիճակն է։
Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ 2013 թուականին Դերսիմի մէջ 117 մզկիթ կար։ Մզկիթներուն մեծ մասը գործող չէր, Կրօնական գործերու վարչութիւնը տեսնելով, որ որոշ մզկիթներու տարածքին նոյնիսկ ընտանիքներ կ՛ապրին՝ ստիպուած գրանցումէն հանեց 24 մզկիթ։ 88 հազար բնակչութիւն ունեցող Դերսիմէն ներս այժմ կայ 93 մզկիթ, ընդհանուր առմամբ՝ 348 մարդուն կը հասնի մէկ մզկիթ։ Այս առումով Դերսիմը առաջ կ՛անցնի Ստամբուլէն, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ քաղաքներէ։