Ֆրանսայի մէջ “Հայկական ցեղասպանութիւնը յիշատակելու ազգային օր”

հռչակելու կապակցութեամբ, Արեւմտեան Հայաստանի վարչապետ՝ Գառնիկ Սարգիսեանը համապարբակ յօդուածով մը ողջ հայութեան ուշադրութեան կը յանձնէ թէ Ֆրանսական ներկայ իշխանութիւնները այս քայլով ոչ մէկ նպաստ բերած կ՛ըլլան Հայութեան:

Այս նիւթի մանրամասնութիւնները իմանալու նպատակով, Վարչապետ Սարգիսեանին ուղղուած  հարցումի մը ի պատասխան ան ըսաւ. “Մենք խնդիր չ՛ունինք Ֆրանսայի այդ որոշումին հետ, նոյնիսկ շնորհակալ ենք անոր համար, խնդիրը մեր ազգի մօտ գոյութիւն ունեցող այդ անսահման անտեղեակութիւնն է մեր ազգային հիմնախնդիրներուն նկատմամբ: Օրինակ, մեր ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը տեղեակ չէ թէ, եթէ Ֆրանսայի պետութիւնը այսօր անկեղծօրէն կը ցանկանայ Հայութեան ի նպաստ ինչոր բան մը ընել՝ ան պարզապէս կրնայ կեանքի կոչել իր արդէն ստորագրած եւ ընդունած շարք մը քաղաքական եւ իրաւական ուժ ունեցող փաստաթուղթերը: Ինչպէս 19 Յունուար 1920-ին Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներուն վրայ Հայաստան պետութեան իր ճանաչումը թարմացնելով՝ Փարիզի մէջ Արեւմտեան Հայաստանի դեսպանատունը բանալու արտօնութիւն տալով, նաեւ Սեւրի դաշնագիրը գործի դնել՝ եւ ապա ՄԱԿ-ի միջոցով զայն իրագործել Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան յանձնելով Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները, ըստ Սեւրէն բխած Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռին.., եւ այսպէս շարք մը իրական այլ քայլեր՝ որոնք ընդամենը իր, Ֆրանսայի ստանձնած պարտաւորութիւնները յարգել կը նշանակէ, նախքան Հայութեան համար ինչ որ լաւ բան ընելը:

Ուրեմն մենք մեր յօդուածով կոչ կ’ուղղենք ողջ Հայութեան, որ գիտակցութեան գայ եւ իմանայ թէ որոնք են իսկական եւ գործնականօրէն նպաստաւոր քայլերը, որոնք այսօր Հայութիւնը կ’ակնկալէ Ֆրանսայի պէս պետութեան մը կողմէ:

Ֆրանսայի իշխանութիւնները այսօր կը խաբեն նոյնիսկ Ֆրանսացի ժողովուրդին, ուր մնաց չխաբեն Հայերուն: Իրականութիւնը այն է, որ Ֆրանսան եթէ իսկական լուրջ եւ դրական քայլերու դիմէ՝ յարգելով իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մանաւանդ Հայութեան նկատմամբ, ան այդկէ ետք միայն կրնայ քաջալերանքին արժանանալ ոչ միայն Հայութեան, այլ նոյնիսկ իր սեփական Ֆրանսացի ժողովուրդին եւ ողջ Եւրոպային:

Այս բոլորին մասին, եւ Վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեանի ամբողջական յօդուածին ծանօթանալու համար՝ այցելեցէք ԱՀՀ պաշտօնական հեռուստացոյցի կայքը: