ԱՀՀ նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը ցաւակցական հեռագիր յղեր է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանիին՝ Փետրուարի 13-ին Իրանի Սիստան-Բելուջիստան նահանգի Խաշ-Զահետան մայրուղիին վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան կապակցութեամբ, որ բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձեր է։ Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը խորին վշտակցութիւն յայտներ է նախագահ Ռոհանիին եւ Իրանի բարեկամ ժողովուրդին, իսկ զոհուածներու հարազատներուն եւ մերձաւորներուն մաղթեր է տոկունութիւն, համբերութիւն եւ ոգեղէն արիութիւն։