Հալէպի խոշորագոյն հիւանդանոցներէն մէկու վերանորոգման աշխատանքները կ՛աւարտուին, շէնքը շահագործման պիտի յանձնուի երեք ամսուայ ընթացքին: Հինգ տարի առաջ ահաբեկիչները գրաւեցին շէնքը եւ կողոպտեցին զայն, նկուղին մէջ տեղադրեցին զինամթերքի պահեստ: Ըստ շինարարական առաջատար մասնագէտ Զուչէր Թաթարիի՝ զինեալները գողցեր են բոլոր բժշկական սարքաւորումները։

Հիւանդանոցը կը գտնուի խիտ բնակեցուած տարածքի վրայ, ուր հարիւր հազար մարդ ապրած է  ռազմական գործողութիւններու սկսուելէն առաջ: Կը նախատեսուի, որ հիւանդանոցը պաշտօնապէս սկսի աշխատիլ երեք ամսուայ ընթացքին: Բժշկական հաստատութեան հիմնական խնդիրը` թանկարժէք սարքաւորումներու ձեռքբերման համար ֆինանսաւորում գտնելն է: