Այսօր նշանաւոր հայ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի ծննդեան օրն է։ Ռուբէն Սեւակը ծներ է 1885թ․-ին՝ Սիլիվրի քաղաքին մէջ։ 1901-1905 թթ.-ուն սորվեր է Կ. Պոլսոյ Պերպերեան վարժարանէն ներս։ Դպրոցական տարիներէն զբաղուեր է գրական գործունէութեամբ։
1905-1911/1912 թթ.-ուն ուսաներ է Եւրոպայի բժշկական խոշորագոյն կեդրոններէն մէկուն մէջ՝ Լոզանի համալսարանի բժշկական ֆակուլտետի։ 1914 թ.-ին կնոջ եւ որդիին՝ Լեւոնին հետ (1912-2005) վերադարձեր է Կ. Պոլիս։
Ռուբէն Սեւակն իր շատ նշանաւոր ժամանակակիցներէն աւելի շուտ զգաց ու նկատեց արեւմտահայութեան սպառնացող ողբերգութեան հեռանկարը։ Սեւակն իր ստեղծագործութիւններով զգօնութեան կոչ ըրաւ, ընդգծելով համազգային միասնութեան կարեւորութիւնը։
1909 թ.-ի գարնան, երբ Ադանա քաղաքէն ներս երիտթրքական իշխանութիւններուն կազմակերպած արիւնահեղութեան զոհ դարձաւ 30 հազար հայ, Ռուբէն Սեւակն եղաւ այն ազգային գործիչներէն մէկը, որ երիտթրքական յեղափոխութենէն «գինովցածներուն»՝ Արշակ Չոպանեանի, Անդրանիկ Օզանեանի, Փարամազի եւ միւսներուն նման զգուշացուց ահագնացող վտանգին մասին։
Բայց 1915 թ.-ին թրքական եաթաղանի զոհ դարձած Ռուբէն Սեւակը ոչ միայն խօսքով ու գրիչով պաշտպանեց իր գաղափարները, այլեւ կեանքի գնով ապացուցեց ժողովուրդին իր անմնացորդ նուիրուածութիւնը։
1915 թ.-ի Ապրիլի 11 (24)-ին, ըլլալով զինուորական ծառայութեան մէջ՝ ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուեցաւ Չանղըրը։ 1915 թ.-ի Օգոստոս 12 (25)-ին հեռագրեց կնոջը, թէ Դանիէլ Վարուժանին հետ կը գտնուի Այաշի բանտը։ 1915 թ.-ի Օգոստոս 13 (25/26)-ին, դէպի Այաշ աքսորի ճամբուն՝ Չանղըրը եւ Կալեջիկ գիւղերուն միջեւ, Չանղըրըէն Թիւնէյ կոչուած վայրը, իր 4 բախտակից ընկերներուն հետ (նաւե Դանիէլ Վարուժանի), թիւրք չեթէներու կողմէ սպաննուեր է քարերով ու եաթաղաններով խոշտանգումներու ենթարկուելով՝ 30 տարեկանին։ Ըստ Գոնիոյ պատերազմական ատեանին կառապան Հասանի տուած վկայութեան՝ բժիշկը եղեր է վերջին սպաննուողը։