«Արամ Խաչատրեան» համերգասրահէն ներս Փետրուարի 20-ին մեկնարկելիք Հայ երաժշտական արուեստի 10-րդ փառատօնի բացման համերգի տոմսերէն ստացուած հասոյթը պիտի փոխանցուի «Արմենակ Ուրֆանեան» բարեգործական հիմնադրամին։ Ինչպէս «Արմենպրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն, Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ ելոյթ պիտի ունենայ ՀՀ ժողովրդական արտիստ, սոպրանօ Յասմիկ Պապեանը։ Ծրագիրով պիտի հնչեն Կոմիտասի, Արմէն Տիգրանեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Տիգրան Չուխաճեանի, Ղազարոս Սարեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Էդուարդ Միրզոյեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, Էդգար Յովհաննիսեանի, Անդրէյ Բաբաեւի, Վաղարշակ Կոտոյեանի, Պետրոս Շուժունեանի ստեղծագործութիւններէն։ Համերգը պիտի ղեկավարէ դիրիժոր Սերգէյ Սմբատեանը։
Հայ երաժշտական արուեստի 10-րդ փառատօնը կը նուիրուի Աւետ Տէրտէրեանի 90-ամեակին։ Փառատօնը կը տեւէ մինչեւ Մարտի 12-ն՝ ներկայացնելով հայ երաժշտական դպրոցի երախտաւորներու ստեղծագործութիւնները։