Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր ընդուներ է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Զուիցերիոյ Համադաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Ստեֆանօ Լազարոթոյին։ Ասոր մասին կը յայտնեն՝ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Վարչապետ Փաշինեանը նշեր է, որ Հայաստանը կը կարեւորէ Զուիցերիոյ հետ քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական կապերու շարունակական խորացումը եւ յոյս յայտներ է, որ դեսպանն իր գործունէութեամբ կը նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ փոխգործակցութեան զարգացման:

Դեսպան Լազարոթոն նշեր է, որ պաշտօնավարման ընթացքին պատրաստ է ներդնելու իր առաւելագոյն ջանքերը՝ հայ-զուիցերիական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ։

Զրուցակիցները քննարկեր են հայ-զուիցերիական համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր: Վերահաստատելով համատեղ ընթացիկ ծրագիրները շարունակելու պատրաստակամութիւնը՝ կողմերն անդրադարձեր են տարբեր ուղղութիւններով գործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն: Որպէս այդպիսիներ՝ երկուստէք       հեռանկարային համարուեր են գիւղատնտեսութեան, ջրային պաշարներու կառավարման, առողջարանային զբօսաշրջութեան, բնապահպանութեան, դեղագործութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեր է, յառաջիկային կապեր հաստատելու երկու կողմերու համապատասխան պետական մարմիններուն միջեւ եւ արդէն միջգերատեսչական մակարդակով մանրամասն քննարկելու ընելիքները: