Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութռան նախարար, Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատար, գեներալ-մայոր Կարէն Աբրահամեանն ընդուներ է ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանին: Հանդիպման ներկայ եղեր են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանն ու ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Սամուէլ Շահրամանեանը:

Ինչպթս կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ անդրադարձ կատարուեր  է արցախա-ատրպէյջանական շփման գիծին տիրող իրադրութեանն ու քննարկուեր են անվտանգութեան խնդիրներուն վերաբերող բաւական հարցեր: