Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեանը, 19 Յունուար 2019-ին, նորընտիր ԱՀՀ Ազգային Ժողովին դիմաց ներկայացուցած գալիք 5 տարիներու ընթացքին նախատեսուած աշխատանքային ծրագիրին մէջ խօստացած էր, որ առաւելագոյնը յառաջիկայ 6 ամիսներուն ընթացքին՝ Արեւմտեան Հայաստանի հարցը պիտի մուտք գործէ տարածաշրջանի քաղաքական օրակարգ, եւ որ տարածաշրջանի լրատուամիջոցները պիտի սկսին հետաքրքրուիլ Արեւմտեան Հայաստանի հարցերով ու արծարծել անոր քաղաքական կարեւորութիւնը՝ տեղի անցուդարձերու լոյսին տակ:
Փաստօրէն այդ խօստումը մտաւ իրագործման դաշտ՝ արդէն ամիս մը չանցած: Յիշեցնենք որ 7 Փետրուար 2019-ին առաջին հրապարակային արծարծումը Արեւմտեան Հայաստանի եւ իր պետական կառոյցի գործունէութեանց մասին տեղի ունեցաւ երբ Սուրիական պաշտօնական “Radio Syriana”-ն ուղիղ հարցազրոյց մը ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի պատգամաւոր Բասսամ Թահհանին հետ, որուն ընթացքին պատգամաւոր Թահհանը առաջին անգամն ըլլալով հրապարակայնօրէն խօսեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութեան մասին, ու Սուրիական ռատիոկայեանի խօսնակը՝ Թիւրքիոյ մասնատումն ու Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումը “Ըստ երեւոյթին, տարածաշրջանի բոլոր կողմերուն համար օգտակար պիտի ըլլայ” համարեց: https://westernarmeniatv.com/38862.html
Խոստումի երկրորդ քայլը տեղի ունեցաւ 16 Փետրուար 2019-ին, երբ Եգիպտոսի նախագահ՝ Ապտիւլֆաթթահ Սիսի-ն, Միւնիխ քաղաքին մէջ գումարուած Անվտանգութեան համագումարին իր կատարած ելոյթին ընթացքին յիշեց Հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանուիւնը, ընդգծելով որ. “Եգիպտոսի աշխարհագրական դիրքն իրեն ուղիղ առնչութեան մէջ կը դնէ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող բոլոր անցուդարձերուն հետ”: Նախագահ Սիսի-ի այս ելոյթէն ժամեր անց Եգիպտական “El Mwatin” լրատուական գործակալութիւնը հեռախօսային ուղիղ կապի մէջ մտնելով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Գառնիկ Սարգիսեանին հետ՝ լայնածաւալ եւ բովանդակալից հարցազրոյց մը ունեցաւ, որուն ընթացքին շօշափուեցան Արեւմտեան Հայաստան – Եգիպտոս փոխադարձ շահաքրքրութեան ենթակայ շարք մը հարցեր: https://www.elmwatin.com/596890/
Տեղեկացնենք նաեւ որ նոյն օրը, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը ողջունած էր Եգիպտոսի նախագահին ելոյթը: