Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պատուոյ պահակային վաշտը Աբու Դաբիի մէջ դիտարժան ելոյթով մը հանդէս եկած է IDEX-2019 ցուցահանդէսի շրջանակներէն ներս, որուն կը մասնակցի նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը: ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն Աբու Դաբիի մէջ այցելեր է  հայկական ռազմարդիւնաբերական տաղավար։ Ասոր մասին ֆէյսբուքեան իր էջին գրեր է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը։

«ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը այցելեր է IDEX-2019 ցուցահանդէսին ներկայացուած հայկական ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու տաղավար»,– գրեր է Յովհաննիսեանը։