Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը Փետրուարի 18-ին ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի 60-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շրջանակներէն մերս այցելեր է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ դրեր է անոր յուշաքարին: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան հաղոդմամբ՝ Բակօ Սահակեանն օրինակելի համարեր է Արթուր Մկրտչեանի հայրենասիրութիւնը, նուիրուածութիւնն ու պարկեշտութիւնը՝ աւելցնելով, որ անոր պայծառ յիշատակը միշտ վառ կը մնայ Արցախցիներու սրտերուն մէջ: