Պոնտոսի յոյներու ցեղապանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու շրջանակներուն արեան նուիրատւութեան արշաւ կը սկսի։

1919թ․-ին Մուստաֆա Քեմալը Սամսուն երթալով՝  հրամայեր է կոտորոել Պոնտոսի յոյները։

Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան հրամանով՝ լեռներու, գետերու, գիւղերու, գիւղաքաղաքներու, քաղաքներու մէջ հազարաւոր կանայք, երեխաներ սպաննուեր են կամ ծով նետուեր են։ Բառիս բուն իմաստով Պոնտոսը նման էր Օսվենցիմ համակենտրոնացման ճամբարին։
2019թ․-ին Պոնտոսի ծովափնեայ շրջաններուն Պոնտոսցիները ծաղիկներ կը նետեն Սեւ ծով՝ յարգելով զոհերուն յիշատակը։ Օդեսայի, Ղրիմի, Գելենջիկի, Անապայի, Սոչիէն մինչ Բաթ առափնեայ շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Բուրգազադայի, Ալեքսանդրապոլի եղբայրական նաւահանգիստին մէջ ոգեկոչման միջացառումներ տեղի կ՛ունենան։

Սա պատմութեան հանդէպ յարգանքի տուրք է։ Կեդրոանական Ասիոյ բռնագրաւիչները եւ Մուսատաֆա Քեմալը Պոնտական ծովը անուանակոչեր են Սեւ ծով։ Եւ տեղի բնակիչներու արեամբ կարմիր ներկեր են Պոնտոսը։