Ամերիկեան կողմը կը դադրեցնէ աջակցիլ «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր» զինուած ընդդիմութեան իրենց աջակցութիւնը, եթէ անոնք համագործակցին նախագահ Բաշշար Ասադի կամ Ռուսաստանի հետ։ Ասոր մասին յայտարարեր է գեներալ-լէյտենանտ Փոլ ԼաՔամերը, – կը հաղորդէ Reuters-ը։
Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ-ը կը մարզէ եւ կը զինէ ընդդիմութեան, քանի դեռ ան իր գործընկերն է։ «Եթէ այդ յարաբերութիւնները խարխլուին, պատճառը անոնց՝ դէպի ռեժիմ վերադարձը կամ ռուսերու հետ համագործակցութիւնը կ՛ըլայ, որոնց հետ մենք յարաբերութիւններ չունինք։ Երբ այդ տեղի ունենայ՝ մենք անոնց հետ այլեւս գործընկերներ չենք մնար»,-յայտարարեր է ԼաՔամերը։
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ զինուած հակամարտութիւնը սկսեր է 2011 թ․-ին։