Սուրիական դեմոկրատական ուժերու զինեալները, որոնք կը հանդիսանան հակաահաբեկչական դաշնութեան մէկ մասը, գրաւեր են Սուրիոյ Դէյր էզ-Զօր նահանգի ԻՊ խմբաւորման վերջին յենակէտը։ Ասոր մասին կը յայտնէ «Ալ-Մայադին» հեռուստակայանը։

Ամերիկեան օդուժի աջակցութեամբ Սուրիական դեմոկրատական ուժերու զինեալները կրցեր են գրաւել Էլ-Բաղուղ բնակավայրը, որ կը գտնուի Սուրիա-Իրաքեան սահմանին։

Այնտեղ գտնուող ահաբեկիչները դադրեցուցեր են ռազմական դիմադրութիւնը եւ համաձայներ են անձնատուր ըլլալ։ Համաձայն ձեռք բերուած համաձայնութեան, 440 զինեալներ պիտի յանձնուին արաբա-քրդական խմբաւորման։ Նշենք, որ այս բնակավայրէն ներս բաւական մեծ թիւով խաղաղ բնակիչներ կան, որոնք  ահաբեկիչներուն կողմէ օգտագործուեր են որպէս կենդանի վահան։