«Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին Տողի համայնքի ղեկավար Ալեքսանդր Շաբուրեանն ըսեր է, որ վերանորոգման աշխատանքները կ՛իրականացուին իրենց համագիւղացի Երեւանաբնակ Կարէն Սաֆարեանի միջոցներով:
Գիւղապետի խօսքով՝ աշխատանքներն սկսեր են 2018 թուականէն:
«Տեղադրուեր է նոր տանիք: Ներկայիս կը տարուին եկեղեցիի ներքին եւ արտաքին յարդարման աշխատանքները. ատոնք աւարտելէ ետք կը բարեկարգուի նաեւ տարածքը»,- նշեր է Ա. Շաբուրեանը եւ աւելցուցեր է, որ կը նախատեսուի եկեղեցին շահագործման յանձնել 2019 թուականին: