ՀՀ քաղաքացիները առանց վիզայի կրնան մեկնիլ 59 երկիր, որոնք են անոնք. Passport Index-ի վարկանիշային աղիւսակին համաձայն՝ հայկական անձնագիրը 137-րդ տեղն է աշխարհի ամենահզօր անձնագիրներու ցանկին:

ՀՀ քաղաքացիներն առանց վիզայի կրնան մուտք գործել աշխարհի 59 երկիր, որոնց շարքին՝ Արժանտին, Բելառուս, Բրազիլիա, Իրան, Ղազախստան, Ղրղզստան, Վրաստան, Տաջիկիստան, Ռուսաստան, Ուզբեկիստան, Ուրուգուէյ եւ այլ:

Աշխարհի ամենահզօր անձնագիրն այս տարի ոչ Եւրոպական է եւ ոչ ալ Ամերիկեան. այս անգամ վարկանիշային աղիւսակը կը գլխաւորէ Սինգապուրը:

Երկրի քաղաքացիները կրնան առանց վիզայի 153 երկիր մուտք գործել: Ամենահզօր անձնագիրներու տասնեակին ընդգրուած են նաեւ Գերմանիան, Շուէդը, Հարաւային Կորեան, Դանիմարկը, Ֆինլանդան, Իտալիան, Ֆրանսան, Սպանիան, Նորվեգիան: Իսկ Ռուսաստանը 83-րդ, Ատրպէյջանը՝ 124-րդ, Վրաստանը՝ 89-րդ տեղին են: