Սուրիոյ կառավարութեան խորհուրդի անդամներուն կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ՝ Սուրիոյ նախագահ Բաշշար ալ-Ասադը կ՛ըսէ, որ Սուրիական բոլոր շրջանները պիտի ազատագրուին:
Իր առաջին հրապարակային ելոյթին, 2017 թ.-ի Նոյեմբերին, նախագահ Բաշշար ալ-Ասադը կտրականապէս արտայայտուեր էր Թիւրքիոյ նախագահ Ռեջեպ Թայիպ Էրդողանին մասին, եւ մեղադրեր էր զայն՝ ԱՄՆ-ին ենթարկուելու մէջ։ «Անկարան, որ ճգնաժամի սկիզբէն կ՛աղաչէ Ուաշինգտոնին զօրքեր ուղարկելու Սուրիոյ հիւսիսակողմը, այժմ չի կրնար ներկայացնել իր պայմանները կոմիտէին՝ Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը մշակելու համար, քանի որ Դամասկոսը պատրաստ է պայքարելու օտարերկրեայ ներխուժման որեւէ ուժի դէմ », – նշեր էր ան:
Ներխուժող արտաքին ուժերուն դէմ պայքարը.
Իր ելոյթով, որ կը հեռարձակուէր Al-Akhbariya-ի ուղիղ եթերով, Նախագահ Բաշշար ալ-Ասադը յիշեցուց, որ Ռիֆի եւ Դէյր Էլ-Զօրի ազատագրումէն յետոյ Սուրիոյ թշնամիները այլ ելք չունէին, քան վերամիաւորուիլը Իդլիբ նահանգին մէջ եւ Թիւրքիային կոչ ընելու զօրքեր տեղակայելու համար:
Բաշշար ալ-Ասադը աւելցուցեր է. «Մենք կ՛ազատենք Սուրիոյ տարածքի բոլոր անկիւնները: Բոլոր հակառակորդները կը դիտուին որպէս թշնամիներ եւ ներխուժողներ: Մենք անկասկած ամեն ձեւով կը պայքարինք մեր տարածքներուն վրայ օտարերկրեայ նախայարձակներուն դէմ» ։
Ան աւելցուցեր է. «Միացեալ Նահանգներուն վստահող խումբերը երբէք չեն ստանալու անոնց աջակցութիւնը: Ձեզի համար միակ աջակցութիւնը Սուրիոյ կառավարութենէն ու բանակէն կ՛ըլլայ: Բանակը միակ կառոյցն է, որ կրնայ աջակցիլ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան սահմանային խումբերուն, որոնց մասին չեմ ցանկանար այստեղ նշել»։
Նախագահ Բաշշար Ալ-Ասադը նաեւ աւելցուցեր է, որ առանց Սուրիոյ ժողովուրդի ուժեղ կամքին, առանց բանակի դիմադրութեան եւ դաշնակից, բարեկամ երկիրներու օգնութեան՝ Դամասկոսը չէր կրնար նման մեծ յաղթանակներ արձանագրել: