Թրքական զինուժը կը շարունակէ մեծ քանակի զօրքեր եւ զինսարքեր կուտակել  Սուրիոյ սահմանին՝ հնարաւոր հակաքրդական գործողութիւններու նախօրէին։ Ինչպէս կը յայտնէ   Yeni Şafak-ը, Անկարան Հաթայի շրջանին զէնք եւ ռազմական սարքեր կուտակեր է։

Իսլամական խմբաւորումները, որոնց շարքին El Nusra ճակատը կրկին գնդակոծեր են Հալէպի արեւմտեան ծայրամասերը: Ինչպէս կը յայտնէ SANA լրատուական գործակալութիւնը, Ազ-Զահրա արուարձանն ու  Նիլ փողոցը յայնտուեր են կրակի տակ, վիրաւորներու եւ զոհերու մասին դեռ տեղեկութիւններ չկան։ Այս ամենը կը վկայէ ,որ Իդլիբի հարցի չկարկագաւորուիլը կը սպառնայ Սուրիական խաղաղ բնակչութեանն ու երկրի բնականոն զարգացման։