Mezzo դասական երաժշտութեան ալիքը ֆիլմ նկարահաներ է Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր դիրիժոր Սերգէյ Սմբատեանին մասին։ 25 րոպէ տեւողութեամբ ֆիլմը մայէստրօ Սմբատեանի դիմանկարն է, որ կը պատկերէ երաժիշտի անցած ուղին՝ 18 տարեկանին առաջին համերգէն մինչեւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբէն ներս գործունէութիւնն ու Սերգէյ Սմբատեանի ելոյթները բազմաթիւ այլ հեղինակաւոր նուագախումբերու հետ եւ բեմերու վրայ։  Mezzo-ի հեռուստադիտողներուն կը ներկայացուին նաեւ հայկական երաժշտական արուեստն ու մեր երաժիշտներու կատարողական վարպետութիւնը։

Ֆիլմը նկարահանուեր է 2018թ.-ին Գերմանիոյ մէջ, ուր կը գտնուէր Սերգէյ Սմբատեանը Մալթայի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ` հռչակաւոր Բեռլինի ֆիլհարմոնիայէն ներս համատեղ համերգով հանդէս գալու նպատակով։ Տեսանիւթն օրերս հեռարձակուեր է Mezzo TV-ի եթերով,  երաժշտասէրները կրկնութիւնը կրնան դիտել Փետրուար 20-ին, 25-ին, Մարտ 6-ին եւ 18-ին։ Mezzo-ն դասական երաժշտութեան ամենայայտնի հարթակներէն մէկն է։ Նշենք նաեւ, որ Սերգէյ Սմբատեանն առաջին հայ դիրիժորն է, որուն մասին Mezzo հեռուստաալիքը նկարահաներ է վաւերագրական ֆիլմ: