Թիւրքիոյ դատախազութիւնը բողոքի ցոյցերու միջոցով 2013 թուին կառավարութիւնը տապալելու փորձի մեղադրանք ներկայացուցեր է 16 մարդու – կը յայտնէ «Անադոլուն»։

Դատախազները բոլոր մեղադրեալներուն համար ցմահ ազտազրկում կը պահանջեն։ Անոնց մէջ են գործարար Օսման Կաւալան, լրագրող Ջան Դունդարը, դերասան Մահմէդ Ալի Ալաբորան, ովքեր մասնակցեր են ցոյցերուն։ Թրքական կառավարութիւնը Կաւալային մեղադրեր է բողոքի ցոյցերը ֆինանսաւորելու եւ կազմակերպելու մէջ։ Ան աւելի քան մէկ տարի՝ նախնական կալանքի տակ է։

Ամեն ինչ սկսեր էր Գեզա այգիի պաշտպանութենէն, այնուհետեւ վերածուեր էր կառավարութեան դէմ ցոյցերու։

Յիշեցնենք, որ Կաւալան յայտնի է ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։ Անոր պատկանող տպարանին մէջ հրատարակուեր են Հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան նուիրուած բազմաթիւ գիրքեր, իսկ «Ջեզաիր» կոչուող անոր ռեստորանին մէջ կազմակերպուեր են նոյն նիւթին շուրջ քննարկումներ ու յիշատակի միջոցառումներ։