Շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը կը խոստանայ վերանորոգել Դիարբեքիրի Սուր շրջանին գտնուող հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ մեծապէս վնասուեր է վերջին տարիներուն Քրդական բանուորական կուսակցութեան դէմ թրքական ուժայիններու գործողութիւններէն: Սուրի ղեկավար Աբդուլլահ Չիֆթչին յայտներ է՝ կ՛ակնկալեն, որ վերանորոգման աշխատանքները կը սկսին շատ շուտով, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ կը կազմեն 1.8 մլն ԱՄՆ-ի դոլար, :

Ուշագրաւ է, որ ան Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիի անմխիթար վիճակի մէջ յայտնուելուն համար պատասխանատու յայտարարեր է քիւրդերուն, մինչդեռ ան մեծապէս տուժեր է թրքական ուժայիններու գործողութիւններէն:

Դիարբեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին Միջին Արեւելքի ամենամեծ քրիստոնէական եկեղեցիներէն է: Մեծ դժուարութեամբ իրականացուած վերանորոգման աշխատանքներէն յետոյ՝ 2011 թուականին ան վերաբացեր էր իր դուռերը հաւատացեալներուն առջեւ:

2012 թուականի Նոյեմբերին` 32 տարուայ ընդմիջումէ ետք այստեղ կատարուեր էր վերանորոգման յաջորդած առաջին եկեղեցական արարողութիւնը: Նոյն օրը եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցեր էր նաեւ առաջին պսակադրութիւնը: Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիի վերանորոգման աշխատանքներն իրագործուեր էին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ֆինանսական աջակցութեամբ: