ՄԱԿ-ի կողմէ Չճանչցուած երկիրներու ֆուտբոլի դաշնութիւններու համադաշնութիւնը (ConiFA)՝ 2019թ.-ի Յունիս 1-էն 9-ը կայանալիք Եւրոպայի առաջնութիւնը կը կայացնէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի համար 1917 թուականի Դեկտեմբեր 29-ին ԽՍՀՄ ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդը հռչակեց «Թրքական Հայաստան» (Արեւմտեան Հայաստան) բռնագրաւուած տարածքներու հայերու իրաւունքները եւ լիակատար անկախութեան հասնելու ինքնորոշման ազատութիւնը:

1920 թ.-ի Յունուար 19-ին Փարիզի խորհրդաժողովի դաշնակիցներու գերագոյն խորհուրդը դէ ֆակտօ եւ 1920 թ.-ին Սան Ռէմոյի խորհրդաժողովի դահլիճին մէջ Արեւմտեան Հայաստանը ճանչցաւ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, որուն սահմանը Թիւրքիոյ հետ իրաւարար վճիռի նիւթն էր 1920 թ.-ի Նոյեմբեր 22-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուդրօ Ուիլսոնի կողմէ կատարուած:

Նշենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ չէ ճանչցուած՝ քանի որ զայն գրաւած է Թիւրքիան:

Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներուն 1894-1923թթ.-ուն Հայ բնակչութիւնը Ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ երեք թրքական յաջորդական կառավարութիւններու կողմէ:

Կարին (Էրզրում) քաղաքը Արեւմտեան Հայաստանի պաշտօնական մայրաքաղաքն է, որ ճանչցուած է դաշնակից Տէրութիւններուն կողմէ: