Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Աբու Դաբիի մէջ ընթացող «IDEX-2019» համաշխարհային ցուցահանդէսի տաղաւարներուն ցուցադրուած հայկական ռազմական արտադրանքը բարձր գնահատականի արժանացեր է միջազգային ռազմական փորձագէտներու կողմէ: «Արմենպրես»-ի հետ զրոյցին՝ ասոր մասին ըսաւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը, ով նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի պատուիրակութեան կազմով օրերս ԱՄԷ կը գտնուէր:

«IDEX-2019»-ը Աբու Դաբիի մէջ երկու տարին մէկ անգամ կայացող համաշխարհային մեծ ցուցահանդէս է` զէնք-զինամթերքի, ռազմական արդիւնաբերութեան եւ ընդհանրապէս ռազմական արտադրանքի: Հայաստանը ոչ միայն առաջին անգամ կը մասնակցէր այդ միջոցառման, այլ ընդհանրապէս առաջին անգամ է որ որոշակի արտադրանք կը ներկայացնէինք միջազգային ցուցահանդէսներուն: Պէտք է ըսեմ, որ միջազգային որոշ փորձագէտներ արդէն հաստատեր ու բարձր գնահատեր են, որ Հայաստանն այդպիսի հետաքրքիր նորութիւններ ներկայացուցեր է»,- ըսաւ Յովհաննիսեանը: