Սոյն թուականի Փետրուար 21-ին՝ Ատրպէյջանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութիւնն առ այն, թէ իբր Աղդամի հատուածին խոցուեր է հայկական անօդաչու թռչող սարք՝ իրականութեան չի համապատասխաներ:

Պաշտպանութեան բանակը որեւէ անօդաչու թռչող սարքի կորուստ չէ ունեցած: Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյջանական լրատուամիջոցներով հրապարակուած լուսանկարներուն, ապա անոնք ակնյայտպրէն հին են:

Յատկանշական է նաեւ, որ Բաքուի տարածած ապատեղեկատւութիւնը, չես գիտեր ինչու, «պատահականօրէն» զուգադիպեցաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ տարածաշրջան կատարած այցին հետ:

Եւ վերջապէս յիշեցում մը ընենք. Արցախի զինուած ուժերն ինչպէս միշտ, ունին բոլոր հնարաւորութիւնները անվտանգ եւ արդիւնաւետ կիրառելու իր տրամադրութեան տակ եղած անօդաչու թռչող սարքերու իւրաքանչիւր տեսակը: Կը հաւաստիացնենք, որ ինչպէս առ այսօր զանոնք օգտագործեր ենք, այնպէս ալ հարկ եղած ատեն բաւական նպատակասլաց կերպով պիտի կիրառենք նաեւ այսույետեւ: