Արդէն 19 տարի Փետրուարի 21-ին աշխարահով մէկ կը նշեն Մայրենի լեզուի միջազգային օրը:

Թիւրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած շրջաններուն՝ ներկայիս ուբիխերէնը, Մլահսո (արեւելեան ասորերէն) եւ Կապադովկիոյ յունարէնն ամբողջովին վերացեր են, իսկ հերթեւիներէնը (արամէական լեզու) վերացման եզրին է: Խիստ վտանգուած լեզուներն են լադինոն ու գագաուզերէնը, – կը գրէ ermenihaber.am լրատուական կայքը:

Արեւմտահայերէնը, ռոմաներէնը, համշէներէնը, լազերէնը, Պոնտոսի յունարէնը, աբխազերէնը, սուրէթը դասակարգուեր են որպէս վերացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներ:

2000 թուականէն սկսեալ՝ Փետրուարի 21-ը UNESCO-ի նախաձեռնութեամբ կը նշուի որպէս մայրենի լեզուի օր: Այս տարի օրուայ նշանակութիւնն աւելի կը կարեւորուի, քանի որ ՄԱԿ-ը 2019 թուականը յայտարարեր է մայրենի լեզուներու տարի: Աշխարհի վրայ կը խօսուի աւելի քան 7000 լեզուով: