ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը Փետրուարի 19-ին հիւրընկալեց գալա համերգ` նուիրուած հայ արուեստի ու երաժշտութեան հարստութեանն ու բազմազանութեան, որով ազդարարուեցաւ Post Classical Ensemble-ի 2020թ.-ի հայկական փառատօնի մեկնարկը: Ասոր մասին «Արմենպրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Երեկոյին ներկայ էին գալիք փառատօնի գործադիր կոմիտէի անդամները, հովանաւորներն ու աջակիցները: Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ աշխարհահռչակ հայ թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանը` նուագակցութեամբ Post Classical Ensemble-ի կոնցերտմայստեր Նաթանէլ Դրայբլաթի, ովքեր հիւրերուն համար կատարեցին Բախի, Լիգետիի, Խուդոյեանի, Կոդալիի ու այլոց ստեղծագործութիւններէն: