ԱՄՆ-ը կը պատրաստուի Սուրիոյ մէջ ձգել 400 զինուորական եւ համոզել Եւրոպական դաշնակիցներուն’ այդ երկրին մէջ տեղակայելու մօտ 1500 զինծառայող: Ասոր մասին РИА Новости-ի փոխանցմամբ կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ամերիկեան վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեային:
Աղբիւրին փոխանցմամբ` Ամերիկացի 200 զինուորական կը տեղակայուին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին` որպէս խաղաղապահ, եւս 200-ը` Ատ-Թանֆէի հակամարտ գօտիին մէջ:
Ի դէպ, Սոիրիոյ հիւսիս-արեւելքին Ամերիկացի զինուորականները կը համալրեն այնտեղ տեղակայուած Եւրոպական առաքելութեան 800-էն 1500 զինծառայողներուն կազմը:
Վարչակազմի ներկայացուցիչը աւելցուցեր է, որ նման հնարաւորութեան շուրջ Միացեալ Նահանգներն այժմ կը խորհրդակցի իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ: