Արժանտինայի մէջ 106 տարեկան հասակին մահացեր է Հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութենէն վերապրածներու վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը՝ Լուսինէ Բերեջիկլեան դէ Խաչերեանը:
Ինչպէս կը յայտնէ հայ-արժանտինեան «Prensa Armenia» պարբերականը, Բերեջիկլեանը գրեթէ ողջ կեանքն անցուցեր է Բուենոս Այրեսի մէջ, Արժանտինա. ան տեղի հայ համայնքի աշխոյժ գործիչներէն մէկն էր:
Ըստ փաստաթուղթերու՝ Լուսինէ Բերեջիկլեանը ծներ է 1909 թուականին Այնթապ քաղաքին մէջ (ներկայիս Գազիանտէպ):
Ցեղասպանութեան տարիներուն Բերեջիկլեանի ընտանիքը տեղահանուեր էր Սուրիա: Աքսորի ընթացքին մահացեր էր անոր մայրը, իսկ տարիներ անց՝ հայրը:
«Աւելի լաւ է չյիշել Ցեղասպանութիւնը: Անհնար է քնանալ այդ յիշողութիւններուն պատճառով»,- ըսեր է Լուսինէ Բերեջիկլեանը 2015 թուականին Արժանտինեան «Clarín» պարբերականին տուած հարցազրոյցին։
16 տարեկանին ան իր եղբայրներուն եւ քրոջ հետ Սուրիայէն տեղափոխուեր էր Արժանտինա, կը հաղորդէ Rusarminfo-ն: