Փետրուարի 24-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը, կառավարութեան անդամներն ու պատգամաւորները, որոնց շարքին նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ Բասսամ Թահանը, հետեւելով Հայ նախկին մարտիկներու եւ պարտիզաններու ընկերակցութեան կոչին, Փետրուարի 24-ին, ներկայ գտնուեր են Միսաք Մանուշեանի եւ անոր զինակիցներու մահապատիժի 75-րդ տարելիցի յիշատակին նուիրուած արարողութեան։
Միսաք Մանուշեանը ծներ է 1906 թ.-ի Սեպտեմբեր 1-ին Արեւմտեան Հայաստանի Ադըեաման գիւղը։ Վերապրելով հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը, դարձեր է նացիզմի դէմ ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ՝ իր զինակից ընկերներուն հետ մեծ ներդրում ունենալով Ֆրանսայի ազատագրման գործին։
Ծաղկեպսակներ դնելէ ետք մասնակիցները մօտեցան նաեւ Արսէն Չաքարեանի շիրիմին, որ կը գտնուի այս քաջ մարտիկներու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին դիմաց, որոնք ինկան գերմանացի բռնագրաւիչներու փամփուշտներէն։
Որոշ հիւրերու հետ միտքերու փոխանակման ժամանակ Բասսամ Թահանը, ով Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներուն կողմէ պաշտօնապէս ընտրուեր է պատգամաւոր, կ’առանձնանար ուտոպիստներէն:
Ժխտողական յարձակումները, կեղծիքները, արհամարհանքը, վիրաւորանքը, հակաժողովրդավարական եւ նոյնիսկ խտրական յարձակումները Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքական գործիչներուն դէմ’ սովորական դարձած են, նոյնիսկ պաշտօնական արարողութիւններու ժամանակ։ Սա իրականութիւն մըն է, որ պէտք է քննարկուի Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդարանի գալիք նիստերուն՝ երեւոյթին դէմ պայքարելու պատշաճ միջոցներ գտնելու համար: