Ստեփանակերտի մէջ կը նախատեսուի կառուցել բնակելի երկու նոր թաղամաս՝ բազմաբնակարան շէնքերով: Մամուլի ասուլիսի ժամանակ ասոր մասին ըսեր  է Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն  Շահրամանեանը։ Նախարարը նշեր է, որ ընդհանուր առմամբ 5, 7 եւ 9 յարկանի շէնքերը   կ’ունենան 200 եւ 300 բնակարաններ:

Նախարարը  տեղեկացուցեր է  նաեւ, որ բնակարանաշինութեան ծրագիրով  կը նախատեսուի նոր բնակելի բազմաբնակարան  թաղամասեր կառուցել նաեւ Ասկերանի մէջ, Մարտունի  քաղաքի եւ շրջանի Կարմիր Շուկայ գիւղին մէջ: