Սուրիոյ տարածքին Ռուսաստանի, Թիւրքիոյ եւ Իրանի համատեղ ռազմական գործողութիւններ չեն նախատեսուիր
Սուրիոյ տարածքին Ռուսաստանի, Թիւրքիոյ եւ Իրանի համատեղ ռազմական գործողութիւններ չեն նախատեսուիր։ Ասոր մասին յայտարարեր է Ռուսաստանի արտգործնախարար Սերգէյ Լաւրովը:
«Մենք Սուրիոյ տարածքին Ռուսաստանի, Թիւրքիոյ եւ Իրանի համատեղ ռազմական գործողություններ չենք նախատեսեր», – ըսեր է Լաւրովը՝ պատասխանելով վիետնամեան եւ չինական լրատուամիջոցներու հարցերուն։ Ռուսաստանը, Թիւրքիան եւ Իրանը Սուրիոյ մէջ զինադադարի երաշխավորն են:
Նախարարը պարզաբանեց, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը եւ Իրանը Սուրիոյ տարածքին կը գործեն Արաբական Հանրապետութեան օրինական իշխանութեան հրաւէրով:
Աւելի վաղ Թիւրքիոյ նախագահը չէր բացառած Սուրիոյ Իդլիբի մէջ արմատական խմբաւորումներուն դէմ Թիւրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի համատեղ գործողութիւնները, սակայն ինչպէս կը տեսնենք Մոսկուան չի հաստատեր Էրդողանի հնչեցուցած ծրագիրները։