Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը ֆէյսբուքեան իր պաշտօնական էջին ահազանգեր է Կ․ Պոլսոյ  Բալաթ թաղամասին գտնուող հայկական Սուրբ Հրեշտակապետաց եկեղեցիի պատերուն ու դուռին վրայ կարուած գրութիւններուն մասին, որոնք կը պարունակեն ատելութեան խօսք եւ ռասիստական բնոյթ ունին: Հայոց պատրիարքութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ յիշեալ գրութիւններն անգլերէն եւ արաբերէն են։ Թաղային խորհուրդի անդամները, Փետրուարի 23-ին ուշ երեկոյեան նկատելով այդ գրութիւնները, անմիջապէս տեղեակ պահեր են Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթեշեանին, – կը փոխանցէ ermenihaber-ը:

Տեսագրութիւնը եւ նկարները ուղարկուեր են ոստիկանութեան տարածքային բաժին։

Յիշեցնենք, որ վերջերս նմանատիպ մէկ այլ դէպք պատահեր էր Կ․ Պոլսոյ Բաքըրքէօյ շրջանի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցիին հետ։ Եկեղեցիի պատերն ամբողջովին պատուեր էին գրաֆիտիներով եւ գրութիւններով։