ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱԱՍՏԱՆ – Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովի հարիւրամեակն ու Արեւմտեան Հայաստանի  մասին Յուշագիրը տեղի ունեցան Փարիզի 16-րդ վարչաշրջանի քաղաքապետարանին մէջ:

Այս պատմական պահը թոյլ կուտայ յիշատակել 1919 թ.-ի Յունուար 18-ի Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովի հարիւրամեակը, եւ Արեւմտեան Հայաստանի մասին Յուշագիրը, նաեւ 1919 թ.-ի Փետրուար 1-ին Հայկական լեգիոնի կազմաւորման 100-ամեակը, որ ապագայ Հայաստանի ազգային բանակի կորիզն էր, ինչպէս նաեւ Երիտթիւրքերուն դէմ դատավարութիւններու 100-ամեակը։

Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանն իր հաշուետւութեան մէջ յայտարարեց, որ «վեհաժողովի նպատակը կ’իրականանար եթէ   կարենար ցոյց տալ, թէ ինչպէս 18.12.1917 թ.ին Երզնկայի զինադադարէն յետոյ, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին ձեւաւորուեցաւ հայկական պետութիւն, զոր Դաշնակիցներու Գերագոյն խորհուրդը  ճանչցաւ դէ ֆակտօ, իսկ 1920 թուականի Մայիս 11-ին՝ դէ յուրէ»։

Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը նաեւ յիշեցուց, թէ ինչպէս 1918 թ.-ի Յունիս 4-ին նախագահ Աւետիս Ահարոնեանը ստորագրեց Բաթումի պայմանագիրը քեմալական ուժերուն հետ, նախագահ Պօղոս Նուբարը հրաւիրեց զինք միանալու Հայաստանի ազգային պատուիրակութեան եւ աջակցեցաւ Հայաստանի մասին Յուշագիրին եւ յայտարարեց Հայաստանի անբաժանելիութիւնը’ Դաշնակիցներու Գերագոյն Խորհուրդին  առջեւ։

Բացի այդ, 1919 թ.-ի Մայիս 15-ին դաշնակից պետութիւններու Փարիզի մէջ կայացուցած Խաղաղութեան Վեհաժողովէն յետոյ տեղի ունեցաւ հայկական ազգային համաժողովը, որ կազմուած էր Թիւրքիոյ հայերը ներկայացնող պատուիրակութենէն, ինչպէս նաեւ Կովկասի, Պարսկաստանի, Միջագետքի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու գաղթականներու պատուիրակութիւններէն։

Հայոց Ազգային Պատուիրակութեան կողմէ հրաւիրուած այս համաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները, փոխադարձ համաձայնութեամբ կազմելով հայերու բողոքներու ծրագիրը, գնահատեց պատճառուած վնասները եւ ստեղծեց յանձնաժողով՝ ապագայ Հայկական Պետութեան քաղաքական կարգավիճակի մշակման համար։ Այն համատեղ աշխատեցաւ Հայկական Հանրապետութեան պատուիրակներուն հետ, որոնք կը բաղկանային Ա. Ահարոնեանէն,, Յ, Օհանջանեանէն եւ Մ. Բահաջեանէն, որոնց հետ միասնաբար կազմուեցաւ Հայաստանի Միացեալ պատուիրակութիւնը, որու լոզունգն էր “Միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստան’ իր պատմական սահմաններուն մէջ”։ Հայոց Ազգային համաժողովը եզրափակուեցաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ. Յանուն Արդարութեան, յանուն մեր բնական իրաւունքի, յանուն Ռուսիոյ եւ Թիւրքիոյ մէջ երկու հայկական հասարակութիւններու անդիմադրելի ձգտման, յանուն անփոխարինելի պատմական անհրաժեշտութեան, որ ուշ թէ շուտ պիտի յաթանակէ, մենք կը յայտնենք բացարձակ եւ յստակ միասնութիւնը նոյն ազգի երկու հատուածներուն։

Հայոց Ազգային համաժողովի որոշումներն ունեցան իրենց հետեւանքները, այդ եղաւ երբ  Դաշնակիցներու Բարձրագոյն Խորհուրդը դէ ֆակտօ ճանչցաւ անկախութիւնը Հայկական Պետութեան, իր նշուած կառավարութեան անդամներով, 19 Յունուար 1920 թուականին։ Այս օրը Արեւմտեան Հայաստանի պաշտօնական անկախութեան օրն է, ըստ հետեւեալ կէտերու.                

Վերսայլի մէջ կայացած Խաղաղութեան Վեհաժողովին Հայաստանի ներկայացուցիչներուն կողմէ յուշագիրի պաշտօնական ներկայացումէն յետոյ 1919 թ.-ի Փետրուար 26-ին, 1920 թ.-ի սկզբը, գլխաւոր դաշնակից պետութիւնները ճանչցան Հայկական Պետութան կառավարութիւնը որպէս դէ ֆակտօ կառավարութիւն:

1920 թ.-ի Յունուար 27-ին Խաղաղութեան Վեհաժողովի գլխաւոր քարտուղարութիւնը տեղեկացուց Հայաստանի ազգային պատուիրակութեան նախագահին, որ 1920 թ.-ի Յունուար 19-ի  նիստին Գերագոյն Խորհուրդը կայացուց հետեւեալ երկու որոշումները,

Համաժողովին կողմէ ընտրուած նոր Ազգային պատուիրակութիւնը բաղկացած էր յարգարժան Պօղոս Նուբար փաշայէն, պրոֆեսոր Ա. Տէր-Յակոբեանէն, Հ. Նեւրուզէն եւ Կ. Փաստրմաճեանէն,  Ա. Չոբանեանէն եւ Վ. Թէքէյեանէն:

«1. Հայկական պետութեան կառավարութիւնը կը ճանչցուի որպէս դէ ֆակտօ կառավարութիւն»;

«2. Այն, որ այս ճանաչումը չի նախատեսեր այդ պետութեան հնարաւոր սահմաններուն հարցը»:

Գլխաւոր քարտուղարը աւելցուց, որ ԱՄՆ-ի դեսպանը Յունուարի 26-ին տեղեկացուցեր է, որ «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կողմ է այդ որոշման»:

Բացի այդ, 1920 թ.-ի Յունուար 28-ին Գլխաւոր քարտուղարութիւնը հայկական պատուիրակութեան նախագահին տեղեկացուց, որ Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ կառավարութիւններու ղեկավարները միեւնոյն որոշումը ընդուներ են, որուն յաջորդեց մէկ այլ տեղեկութիւն, 1920 թ.-ի Մարտ 7-ին, ուր կը խօսուէր Ճապոնի դեսպանի յայտարարութեան մասին, «Ճապոնի կառավարութիւնը միացած է այն մօտեցման, որով Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ կառավարութիւնները ճանչցեր են Հայկական Պետութեան կառավարութիւնը որպէս դէ ֆակտօ կառավարութիւն»:

Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին Հայկական Պետութիւնը դէ յուրէ ճանչցուեցաւ 1920 թուականի Մայիս 11-ին, երբ ան իր ստորագրութիւնը դրաւ Սեւրի պայմանագիրին տակ:

Խաղաղութեան Վեհաժողովի հարիւրամեակը

http://www.western-armenia.eu/news/Actualite/2019/Centenaire_de_la_Conference_de_la_Paix-22.02.2019.pdf

Հայկական հարց

http://www.western-armenia.eu/news/Actualite/2019/La_Question_Armenienne-1919-1920.pdf