1992 թուականի Փետրուարի 26-ին ազատագրուեցաւ Խոջալուն (այժմ՝ Իվանեան): ԼՂՀ իշխանութիւնները Խոջալուի կրակակէտերեւ ճնշմանն ուղղուած գործողութեան նախապատրաստման մասին նախօրոք՝ դեռ 2 ամիս առաջ, տեղեկացուցեր էին ատրպէյջանական կողմին, ինչը բազմիցս հաստատուեր էր Ատրպէյջանի պաշտօնական անձանց՝ մասնաւորապէս նախագահ Այազ Մութալիբովի կողմէ: Սակայն խաղաղ բնակիչները գնդակահարուեր էին Աղդամի մատոյցներուն՝ ԼՂՀ-ի եւ Ատրպէյջանի Աղդամի շրջանի միջեւ ինկած սահմանին։ Նշենք, որ և՛ Խոջալուի իշխանութիւնները, և՛ բնակչութիւնը տեղեկացուեր էին սպասուող գործողութեան, ինչպէս նաեւ մարդասիրական միջանցքի մասին, որն ստեղծուեր էր Աղդամէն (Ակնա) բնակչութեան անվտանգ տարհանման համար։ Այդ ժամանակ ճանապարհը կը գտնուէր Ատրպէյջանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ։
Խոջալուի ազատագրումէն ժամեր անց, Ատրպէյջանական կողմը լուրեր տարածեց, իբրեւ թէ հայերը Ատրպէյջանցիներու տարհանման համար չեն տրամադրած մարդասիրական միջանցք եւ կազմակերպեր են Ատրպէյջանցիներու «ջարդեր»։ Աըրպէյջանական կողմը, խեղաթիւրելով իրականութիւնը, մինչեւ հիմա կեղծ փաստերու հիման վրայ կը փորձէ ցոյց տալ, թէ հայերը Խոջալուի մէջ կազմակերպեր են Ադրպէյջանական «ջարդեր»։ Սակայն ինչքան ալ Ատրպէյջանը կը փորձէ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալ, որ Խոջալուի մէջ «այսպէս կոչուած» կոտորած տեղի ունեցեր է, իրական փաստերը կ’ապացուցեն ճիշտ հակառակը։
Ատրպէյջանը մինչեւ հիմա զբաղուած է այսպէս կոչուած զոհերու թիւերու ուռճացմամաբ, այս ամենուն զուգահեռ նաեւ շրջանառութեան մէջ կը դնէ նաեւ Խոջալուի հետ կապ չունեցող լուսանկարներ, եւ միջազգային հայնրութեան աչքին փոշի փչելով, ատոնք կը կապէ Խոջալուի դէպքերուն հետ։