Գիրեսունի (Կերասուն) Չընարլար թաղամասին գտնուող յունական պատմական կաթոլիկ եկեղեցին արդէն 50 տարի է, որ կը գործէ գրադարանի կարգավիճակով: Ասոր մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ «Յենի Աքիթ» օրաթերթի կայքէջը: Աղբիւրին համաձայն` Պոլսոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան պահանջով 1917 թ.-ին յոյներու համար կառուցուած սոյն եկեղեցին արդէն 1967 թ.-ին վերածուեր է մանկական գրադարանի: Աղբիւրով նաեւ կը նշուի, որ այս եկեղեցին առաջիններէն մէկն է, որ վերածուեր է գրադարանի, ուր կը պահուին շուրջ 17 հազար գիրքեր։ Գրադարանէն կ’օգտուի 27.767 հոգի: Արդէն աւանդոյթ դարձեր է քրիստոնէական յուշարձաններն ու սրբատեղիները այլ նպատակներով օգտագործելը: Հայկական եւ յունական վանքերն ու եկեղեցիները կամ հիմնայատակ կը կործանուին, կամ ալ լաւագոյն պարագային, կը վերածուին գրադարանի, մշակութային կեդրոնի եւ այլն: Այսպէս, օրինակ, գրադարանի վերածուեր են նաեւ Կեսարիոյ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին, Նիղդէ նահանգի հայկական եկեղեցին եւ այլ սրբատեղիներ: Իսկ, օրինակ, Բուրսայի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին, նախքան փլուիլը, յիշատակուեր է որպէս կինոթատրոն, ապա` ամուսնութեան պալատ։